Ս. Նշան Եկեղեցի, Գարթալ

Հասցէ
(Soğanlık Cad. No: 2, 34870 Kartal)
Հեռ.՝ (0216) 306-8112
Ել-նամակ՝ Surpnisankilisesi.kartal@gmail.com

16րդ դարու վերջերը արդէն իսկ սկսած էին Հայեր բնակիլ Գարթալի մէջ եւ ունեցած՝ մատուռ մը։ Ձեռագրի մը յիշատակարանին համաձայն եկեղեցին կառուցուած է 1776ին։ 1857ին կը վերաշինուի Յակոբ Պատրիարքի շրջանին եւ Սիմոն, Յակոբ, Մահտեսի Գրիգոր Նորատունկեան հարազատներու ծախքերով իբրեւ քարուկիր շինուածք։ Այժմ փոքր թիւով հայեր կը բնակին թաղին մէջ։ Եկեղեցին տօնական օրերու ընթացքին, մեծ պահոց ու ամառուան շրջանին կը գործէ, մանաւանդ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին։ Եկեղեցին ներքին ու արտաքին ամբողջական նորոգութեան ենթարկուեցաւ 1985ին։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը կատարուած է 1998 թուականին, օծուած ու պաշտամունքի վերաբացուած, ձեռամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած է եկեղեցւոյ երէց Տ. Նշան Քահանան։

Քարտէս