«Ակօս» Շաբաթաթերթ

(Halaskargazi Cad. Sebat Ap. No: 192/3, D.3, 34380 Pangaltı)
Հեռ.՝ (0212) 296-2364, (0212) 231-5694, (0212) 219-5082
Ֆաքս՝  (0212) 247-5519
Ել-նամակ՝ agos@agos.com.tr
Կայքէջ՝ http://www.agos.com.tr

Ակօս շաբաթաթերթը առաջին թեթն է, որ Ստանպուլի մէջ հրատարակուած է երկլեզու՝ Հայերէն եւ Թրքերէն։ Որպէս համայնքի Թրքերէն պարունակութիւն ունեցող առաջին թերթ, հրատարակուելու սկսած է 5 Ապրիլ 1996ին։ Նախաձեռնողները կ՚ըլլան Լուիզ Պաքար, Հրանդ Տինք, Յարութիւն Շէշէթեան եւ Աննա Թուրայ։ Հրատարակութեան տնօրէնը կ՚ըլլայ Հրանդ Տինք։

2007ին Էթիէն Մահճուպեան կը ստանձնէ հրատարակութեան տնօրէնի պաշտօնը։ 2010-ին հերթափոխութեամբ, պաշտօնը կը ստանձնէ Ռոպէր Քոփթաշ ու կը շարունակէ մինչեւ այսօր։ Թերթը, կը հրատարակուի 4 էջը Հայերէն, իսկ  մնացեալը Թրքերէն։