«Ժամանակ» Օրաթերթ

(Şehadet Sok. No:: 36/4, 34379 Feriköy)
Հեռ.՝ (0212) 243-5639
Ֆաքս՝ (0212) 243-3196
Ել-նամակ՝ jamanak@jamanak.com

Քաղաքական եւ Ժողովրդական Հայերէն օրաթերթ մըն է, որ կը հրատարակուի Ստանպուլի մէջ՝ հիմնուած Սարգիս եւ Միսաք Գոչունեան եղբայրներու կողմէ, 28 Հոկտեմբեր 1908 թուականին։

Այսօր, թերթի արտօնատէրն է Սարգիս Գոչունեան, որ կը կրէ իր մեծ հօր անունը, խմբագրապետն է Նատիա Գոչունեան իսկ գլխաւոր խմբագիրը՝ Արա Գոչունեան։

Երկար տարիներ պատրաստուած է Գարագիւղի, ապա Թիւնէլի Նարմանլը Խանի եւ Իսթիքլալ Պողոտայի Փոսթաճըլար Փողոցի Սանթա Մարիա Խանին մէջ։ Խմբագրատունը այժմ Ֆէրիգիւղ կը գտնուի։

Քառաէջ թերթը, բացի Կիրակի օրերէն, ամէն օր կը հրատարակուի ու Ստանպուլի զանազան թաղերուն մէջ կը ցրուի։

Թերթը մանաւանդ կը պարունակէ համայքային լուրերն ու Թուրքիոյ եւ արտասահմանի զարգացումները։

2010-էն սկսեալ, Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ զանազան ձեռնարկներով նշուեցաւ թերթին 100-ամեակը։