ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներէն՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարք այս տարի եւս յիշատակուեցաւ իր վախճանման տարեդարձի առթիւ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 13 Փետրուար 2016 Շաբաթ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ…

ՄԱՐԱԼ ԵՐԳԻ ՊԱՐԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան,9 Փետրուար 2016, Երեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մարալ Երգի Պարի Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները։ Այցելուները, տեղեկացուցին թէ Մարալ Միութեան կազմակերպութեամբ, 1 Մարտ…

Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ, Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ դասուն նախագահ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ փոխ-նախագահ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ….

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԻՐ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ՊԻՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԻ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, 29 Յունուար 2016, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի…

Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Թորոս Ալճանի, 29 Յունուար 2016, Ուրբաթ, ժամը 09.30-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելուները, յայտնեցին…

ԱՄՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Իսկ 24 Յունուար, Կիրակի, ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի մէջ, հոգեւոր հանդիսութեանց կատարումով յիշատակուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյս Երանաշնորհ գահակալներէն՝ Տ. Շնորհք Ս. Պատրիարքը, իր վախճանման 25ամեակին առիթով։ Արամ Արքեպս. պատարագեց ու քարոզեց Լոս…

ԱՄՆԻ ՄԷՋ ՊՈԼՍԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Լոս Անճելոսի Պոլսահայ Միութիւնը, 23 Յունուար 2016, Շաբաթ երեկոյեան ի յարգանս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ճաշկերոյթ սարքեց, ուր հրաւիրուած էին շուրջ 100 Պոլսահայեր։   Ճաշկերոյթի ընթացքին…

ՀՐԱՇԱՓԱՌԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԷՍՕՐՈՒԱՆ ՃԱՇ ԱՄՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 22 Յունուար 2016, ժամը 12.00-ին Հրաշափառի արարողութեամբ դիմաւորուեցաւ գլխաւորութեամբ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արքեպս. Տէրտէրեանի տեղւոյն հոգեւորականաց դասուն…

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԿԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԻ ԱՄՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Ս. Արքեպս. Տէրտէրեանի հրաւէրին ընդառաջելով, 21 Յունուար 2016, Երեքշաբթի, օդային ճամբով կը մեկնի ունեցաւ ԱՄՆի…

ՏԻԿՆԱՆՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Քաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Ծննդեան առիթով, 11 Յունուար 2016, Երկուշաբթի, յետ միջօրէին այցելեցին Պատրիարքարան եւ դահլիճին մէջ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի…