Ս. Ստեփանոս Եկեղեցի, Հալըճըօղլու
Ս. Ստեփանոս Եկեղեցի, Հալըճըօղլու
(Halıcıoğlu-Okmeydanı Cad. No: 4, 34445 Halıcıoğlu)
Հեռ.՝ (0212) 220-8026
17րդ դարուն Ակնէն եկած հայ գաղթականներ Խասգիւղի մէջ հաստատուելով կղմինտրի գործարաններ բացին։ 1703ին Խաչատուր վարդապետ իր տան մէջ Սբ. Եղիա անունով մատուռ մը հիմնեց։ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի օրով, Խաչատուր վարդապետի ջանքերով եւ Թէւէքէլլիօղլու Հաճի Յարութիւնի ապահոված նիւթականով 1728-1729 թուականներուն շինուեցաւ փոքր ու փայտաշէն Ս. Ստեփանոս եկեղեցին։ Երբ հայ ամիրաներ Խասգիւղի մէջ հաստատուեցան, հիմնովին քարաշէն վիճակով 1831ին կառուցուեցաւ Յովհաննէս Ամիրա Սէրվէրեան ու Գրիգոր Ամիրա Պալեան արքունի ճարտարապետներու կողմէ, Գազազ Յարութիւն Ամիրա Պեզճեանի կողմէ կտակուած հրամանագրով մը։
Եկեղեցւոյ երաժշտապետը եղած է հայ ձայնանիշներու հեղինակ Պապա Համբարձում Լիմոնճեան։ Եկեղեցին վերանորոգուեցաւ 1845ին։ 1904ին վերստին նորոգուելէ ետք, Ա. Աշխարհամարտին իբր զինուորական մթերանոց գործածուեցաւ, աւելի վերջ ալ իբր գաղթակայան։ 1930 Սեպտեմբերին կրկին նորոգուելով որպէս աղօթատեղի գործածուիլ սկսաւ։ 1975ին Ոսկեղջիւրի վրայ կամուրջի շինութեան ատեն փլցուեցաւ. Մօտաւորապէս 30 տարիներ իր բարոյական գոյութիւնը շարունակեց Ղալաթիոյ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։
Այժմ իր գոյութիւնը կը շարունակէ 2007 թուին Հալըճըօղլու գերեզմանատան մէջ Պետրոս Շիրինօղլուի բարերարութեամբ կառուցուած մատուռով, որ կոչուեցաւ Ս. Ստեփանոս։ Նաւակատիքը եւ օծումը կատարուեցաւ ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարքի։