Ս. Յարութիւն Եկեղեցի, Թաքսիմ

Հասցէ
(Meşelik Sok. No: 34, 34433 Taksim)
Հեռ.՝ (0212) 249-8296

Թաքսիմի Էսայեան վարժարանի պարտէզին մէջ կը գտնուի։ Այս եկեղեցւոյ կից կը գտնուէր Բերայի Ազգային Հիւանդանոցը։ Կը կարծուի թէ նախ կառուցուած էր փայտաշէն կերպով։ 1846ին նորոգուած է. 1890-ին փլչելու վտանգին պատճառաւ առժամեայ կերպով կը փակուի եւ գոյքերն ու սրբազան անօթները կը փոխադրուին Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ քովի մատուռը։

Եկեղեցին 1895 թուականին Մատթէոս Պատրիարք Իզմիրլեանի շրջանին Յովհաննէս ու Մկրտիչ Էսաեան եղբայրներու կողմէ ի հիմանէ կառուցուեցաւ՝ քարուկիր վիճակով։ Այս միջոցին Էսաեան եղբայրներ հիմնեցին ու կառուցին նաեւ Էսաեան վարժարանը։

Քարտէս