Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի, Պէյօղլու – Ս. Մինաս Մատուռ

Հասցէ
(Sahne Sok. No: 6, 34435 Galatasaray)
Հեռ.՝ (0212) 244-1382, (0212) 293-3181
ֆաքս՝ (0212) 245-5521

Եկեղեցին գոյութիւն ունեցած է 16րդ դարուն։ Յիշատակարանի մը արձանագրութեան մէջ գրուած է, թէ 1503 թուակիր Իւչ Հօրան անուն ձեռագիր կայսերակնիք մուրհակի մը համաձայն գնուած է եկեղեցւոյ հողը։

1805ին Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ միւթէվէլլի Գրիգոր Ամիրա Գէորգեան-Չերազեան այլ ազգայիններու գործակցութեամբ, այլ ձեռագիրներու կարգին կը գտնէ նաեւ եկեղեցւոյ հողին գնման հէօճէթը, եւ գրեթէ նորէն գնելով հողը առաջին անգամ կը կառուցանէ Ս. Էջմիածին մանկանց վարժարանը եւ ապա իր ստացած կայսերական հրովարտակով վարժարանը կը վերածէ եկեղեցիի, որուն օծումը կը կատարուի 1807ին ձեռամբ Ս. Էջմիածնի Ռումէլիի նուիրակ Տ. Ալիքսան Արքեպիսկոպոսի։ Տաճարը կ՚օծուի յանուն Ամենասուրբ Երրորդութեան։ 1810ին եկեղեցին հրոյ ճարակ կը դառնայ։ Թէեւ եկեղեցին վերաշինելու ձեռնարկներ կ՚ըլլան, բայց յաջողութեամբ չեն պսակուիր։

Արդի եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կը կատարուի 1836ին։ Մատթէոս Պատրիարք Չուխաճեանի նախագահութեամբ Համագումար Ժողովի որոշումով կը ձեռնարկուի սոյն վերակառուցման աշխատանքներուն։ Միւթէվէլլի կը կարգուի Պաղտասար Ամիրա Գասպարեան-Չերազեան։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետներն են Կարապետ Ամիրա Պալեան, Յովհաննէս Ամիրա Սէրվէրեան ու վարպետ Մինաս Աղա։ Շինութիւնը կ՚աւարտի երկու տարիէն եւ 1838ին պաշտամունքի կը բացուի, ձեռամբ Ստեփանոս Աղաւնի Պատրիարքի։

1845ին Եկեղեցւոյ մէկ մասը կրկին նորոգուեցաւ եւ 1846ին բակին մէջ բացուեցաւ Նարեկեան վարժարանը, որուն մէկ կողմը, յետագային կառուցուեցաւ շէնք մը, որ ծառայեց իբրեւ որբանոց։ Այս շէնքը 1897ին բուժարանի վերածուեցաւ։ Եկեղեցին ու յարակից շէնքերը կը գրաւեն 1000 քռ. մեթր հող։ Սրբանկարները գործն են զարդանկարիչ հաճի Մկրտիչ Պչակեանի։ Եկեղեցին ունի կամարակապ ձեղուն, յունահռովմէական ճարտարապետական պազիլիկի ոճով։ Իսկ ներքնամասը կը ցոլացնէ կորնդական ոճ։ Կարեւոր վերանորոգութեան ու բարեզարդութեան ենթարկուեցաւ 1989ին։ Վերջին նորոգութիւնը կատարուած է 2000 թուականին, օծումը կատարուած ու պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արքեպիսկոպոս Սվաճեանի։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են՝
Յակոբ Դ. Կաթողիկոս Ջուղայեցի 1598-1680
Իգնատիոս Պատրիարք Քաքմաճեան 1827-1869

Քարտէս