ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, 27 Օգոստոս 2020, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տնտեսական օրակարգով ժողով մը տեղի ունեցաւ։ Ժողովի մասնակցեցան՝ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Խնամակալութենէն՝ Միհրան Օնուր,…

ՆԱԻՐԱ ՍԷՐԹՇԻՄՇԷՔԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, Նաիրա Սէրթշիմշէք, 27 Օգոստոս 2020, Հինգշաբթի առաւօտ, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։ Այցելութեան ներկայ եղաւ նաեւ իր հայրը եւ ազգային գործիչ՝ Սարվէն…

ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՇԵՇՏՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ինչպէս ծանօթ է, աղքատախնամ առաքելութիւնը մասնաւորապէս վերջին շրջաններուն Պատրիարքական Աթոռոյ յատուկ ուշադրութեան առարկայ եղած է։ Առաքելութեան մասին քննարկումներ կատարելու եւ առաքելութիւնը առաւել եւս ընդարձակելու նպատակաւ, 26 Օգոստոս 2020, Չորեքշաբթի, ժամը…

ԱՐԻՍ ՏԻԳՐԱՆ ՆՇԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, Արիս Տիգրան Նշան 25 Օգոստոս 2020, Երեքշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ մեր Հոգեւոր Պետին կողմէ։ Այցելութեան կը մասնակցէին նաեւ իր ծնողքը, Էսաեան Լիսէի նախկին…

ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է թէ՝ Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, Սեպտեմբեր ամսուան առաջին կամ երկրորդ կիրակիին։ Այս տարի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի 6 Սեպտեմբեր…

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 13 Օգոստոս 2020, Հինգշաբթի երեկոյեան, Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի ժողովուրդին հովուապետական անդրանիկ այցելութեան նպատակաւ օդային ճամբով մեկնեցաւ Հաթայ։ Ամենապատիւ Տիրոջ ճամբորդութեան ընթացքին կ՚ընկերանային գաւազանակիր Արժ. Տ….

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Տաճարը, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 12 Օգոստոս 2020, Չորեքշաբթի, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան,…

ԿՈՉ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Ինչպէս ծանօթ է՝ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումը, խոր ցնցում յառաջացուցած է երկրի հայրենակիցներուն մօտ։ Աղէտին իբր հետեւանք ո՛չ միայն բլուզումներ եւ աւերումներ, այլ նաեւ՝ նիւթական լուրջ վնասներ…

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՄԱՍԻՆ

Պատրիարքական Աթոռը Տիար Արեւ Ճէպէճիէ տեղեկացած էր, թէ 16 Օգոստոս 2020, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի Կիրակիին, Գնալը Կղզիի վրայ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան հետ ծրագրուած էր մշակութային փառատօնի մը կազմակերպութիւնը։ Այս…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

4 Օգոստոս 2020, Երեքշաբթի երեկոյեան Պէյրութի նաւահանգիստը ցնցուեցաւ զօրաւոր պայթումով մը, որուն որպէս հետեւանք բազմաթիւ մահացողներ ու վիրաւորներ եղան։ Սոյն դէպքը յատկապէս իր խոր ազդեցութիւնը թողուց հայաշատ Պուրճ Համուտի եւ…