Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, Օրթագիւղ

Հասցէ
(Cibinlik Sok. No: 5, 34347 Ortaköy)
Հեռ.՝ (0212) 260-7921
ֆաքս՝ (0212) 327-7496

Այս եկեղեցին առաջին անգամ 1665ին Սուրբ Կիրակոս անուամբ յիշատակուած է։ Կը պատկանէր Ակնէն եւ անոր ենթակայ Ապուչեխ գիւղէն գաղթած հայերուն, որոնք Օրթագիւղ հաստատուած էին։ Այդ թուականներուն եկեղեցին մատուռ մըն էր, ապա 1725ին վերաշինուեցաւ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի օրով եւ իր կողմէ ալ անուանուեցաւ Սուրբ Աստուածածին։ Բացումը կատարուեցաւ, Կարապետ Ուլնեցի Կաթողիկոսի ձեռամբ, որ Պոլսոյ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ 1726ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս օծուած էր։

Յետագային՝ 1825ին, փայտաշէն եկեղեցիին տեղ քարաշէն նոր եկեղեցի մը կառուցուեցաւ։ Ձեղունի կեդրոնին զետեղուած է գեղատեսիլ սրբագանդակ վարդեակ մը, ուրկէ կախուած է խիստ յատկանշական ու գեղեցիկ ջահը։ Ունի երկաթեայ ձողերով շինուած զանգակատուն մը։ Աջ կողմը ունի Սուրբ Ստեփանոսի մատուռը, իսկ ձախին՝ Սուրբ Երրորդութիւն մատուռը։ Մկրտութեան աւազանին շինութիւնը աւարտած է 1824ին։

Եկեղեցին յետ երկարատեւ հիմնական նորոգութեան պաշտամունքի վերաբացուեցաւ 2012 թուականին ձեռամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոսի։

Քարտէս