ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Փա՜ռք յարութեան Քո, Տէ՛ր. Ես ոչ դադարեցայց, Փրկիչ, փառաւորել զքեզ զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ»: (Ժամագիրք)   Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ, սիրելի հաւատացեալներ.   ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ 4

Համաճարակի պատճառաւ տուներու մէջ փակելու պարտաւորուած երէց սերունդի մեր ժողովուրդի անդամներուն ուղղուած եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ «Հեռախօսային Օժանդակութեան Աջակցութիւն» կարգախօսով արշաւ մը սկսած է։ Մօտաւորապէս 20 կամաւոր կիներ,…

ՉԱՐԽԱՓԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻՆ ԱՌՋԵՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցին Պոլսոյ ամենանուիրական ուխտատեղինէն մին է, յատկապէս Չարխափան Ս. Աստուածածնի Սրբապատկերով։ Մանաւանդ Ս. Խաչի նախօրեակին հաւատացեալներ կը փութան այս եկեղեցին ի մասնաւորի վասն բժշկութեան աղօթքներ կը վերառաքեն…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Գ. – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԻ ԿԱՆԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Քորոնա ժահրի յառաջացուցած վարակի պատճառաւ ներհամայնքային զօրակցութիւն ապահովելու առաջադրութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ արդէն իսկ համակարգեալ աշխատանքները սկսած են։ Այս ուղղութեամբ կազմուած օժանդակութեան համակարգիչ յանձնախումբին…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի 16 Մարտ 2020 թուակիր Է. արտակարգ նիստի որոշումներու 8րդ յօդուածին համաձայն կու գանք անգամ մը եւս յիշեցնել մեր Հոգեւորականաց Դասուն, Համայնքային ու Թաղային Մարմիններուն եւ մերազն հաւատացեալ…

ԿԱՆԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ԱՌԹԻՒ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովը իր 16 Մարտ 2020 թուակիր Է. արտակարգ նիստին նկատի ունեցաւ «Քորոնա» ժահրի վարակման կապակցութեամբ արձանագրուած զարգացումները, աշխարհացրիւ ու Թուրքիոյ տեղական միջոցառումները։ Այս ուղղութեամբ արդէն կատարուած են ու…

«ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿԻ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է թէ «Քորոնա» մահացու ժահրի վարակման տարածումը համաշխարհային չափանիշով դուռ բացած է ընկերային տագնապալի վիճակի մը։   Այս ուղղութեամբ արդէն իսկ պետութիւններ, առողջապահական միջազգային հաստատութիւններ, կրօնական հաստատութիւններ, վարակման տարածումը…

ՆՈՐԱԿԱԶՄ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԵՂԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

Ամեն. Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ անդամներու եւ համայնքային ու թաղային մարմնիններու ատենապետներու մասնակցութեամբ 18 Փետրուար 2020-ին կայացած խորհրդակցական հանդիպումին կազմուած Կեդրոնական Սեղանը Ամեն. Ս….

ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը իր վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ, 8 Մարտ 2020, Կիրակի յիշատակուեցաւ։ Առաւօտ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՐ ԱԹՈՌԸ

Ն.Ա.Տ. Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան 6 Մարտ 2020, Ուրբաթ, երեկոյեան ժամերուն հրաժեշտ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Նորին Ամենապատուութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հրաժեշտ առնելէ…