ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԻՐԱԿԱՆԱՑԱԾ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 2 Մարտ 2020, Երկուշաբթի, շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքի առաջին աշխարհաբար փոխադրութեան վերահրատարակութեան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, «Նարեկ»ը առաջին անգամ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 28 Փետրուար 2020, Ուրբաթ, երեկոյեան ժամերուն հասաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Սա Նորին Ամենապատուութեան առաջին արտասահմանեան ուղեւրութիւնն է՝ պատրիարքական գահ բարձրանալէ վերջ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերակցէին…

ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր հրաւէրով եւ Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Իսքենտէր Շահինկէօզի հիւրասիրութեամբ Օրթագիւղի Րատիսոն Պլու հիւրանոցին մէջ կայացաւ մտերմիկ հաւաքոյթ մը։ նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էին Պատրիարքարանի Դիւանապետ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵՐԿԱՆԵԱՆ ԱՄՈԼԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան 24 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի, հիւրընկալեց համայնքիս երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր…

ՍԷՎ-Ի ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, 24 Փետրուար, Երկուշաբթի, Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ՍԷՎ-ի վարչութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Հիմնարկի վարչայինները…

ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ԴԱՍՈՒ ՆՈՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐ՝ Տ. ՆԱԹԱՆ ՔՀՆՅ. ԱՐԱՊԵԱՆ ԵՒ Տ. ՆԵՐՍԷՍ ՔՀՆՅ. ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասը, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, օժտուեցաւ երկու նոր քահանաներով՝ յանձինս Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի եւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի։ ԿՈՉՈՒՄ Քահանայական ձեռնադրութեան…

ՄԱԼԱԹԻԱ ՀԱՅՏԷՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Փետրուար 2020, Ուրբաթ առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց  Մալաթիա Հայրենակցական Միութեան (ՀԱՅՏԷՐ) նորընտիր վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճիի։ Այցելուներ, նախ շնորհաւորեցին Պատրիարք Հայրը եւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՇՆՈՐՀԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆՑ

  Ս. Վարդանանց Տօնը, 20 Փետրուար 2020, Հինգշաբթի, Ս. Պատարագի մատուցմամբ նշուեցաւ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Վարդանանցի Տօնական արարողութեանց առիթով, Նորին Ամենապատուութիւնը Հովուապետական…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնները շնորհել շարունակեց 19 Փետրուար 2020, Չորեքշաբթի։ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր մօտն ունենալով  հոգեւորականաց դասէ անդամները, օրուայ տեւողութեան ընթացքին այցելեց Արեւմտեան…