ԽՈՐԴՐԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով. 29 Յունիս 2020, Երկուշաբթի, Ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը կայացաւ Պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Յունիս 2020, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։ Հիւրերը, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ տեղեկութիւն փոխանցեցին…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԻ ԽՄԲԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Յունիս 2020, Երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Բարի Լոյս Խմբակի անդամները։ Հիւրեր, ինքզինքնին ծանօթացնելէ յետոյ, իրենց կազմութեան եւ գործունէութեանց մասին տեղեկութիւն տուին Պատրիարք…

ՇԻՇԼԻԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Շիշլիի Մարմնամարզական Ընկերութեան վարչութենէն Ատենապետ՝ Ալէն Թէքպըչաք եւ Զարեհ Գարագաշ, 18 Յունիս 2020, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։   Այցելուները եկած էին…

ՆՈՐԱԿԵՐՏ ՇԻՐԻՄԻ ԲԱՑՈՒՄ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ

Պատրիարքական Աթոռոյս 84րդ գահակալ Երանաշնորհ ՄեսրոպԲ.  Պատրիարքի նորակերտ շիրիմի բացումը կատարուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։   Երանաշնորհ Պատրիարքին նորակերտ շիրիմի պատրաստութիւնը աւարտած ըլլալով, 16 Յունիս 2020, Երեքշաբթի առաւօտ,…

ՎԻԵՆՆԱԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Փանկալթիի Վիեննական Մխիթարեան Լիսէի խումբ մը սաներ 10 Յունիս 2020, Չորեքշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Խումբին կ՚ընկերանային Վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէն Եւա…

ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԴԱՄԲԱՐԱՆԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ

Պատրիարքական Աթոռոյս նախորդ գահակալ՝ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան հողակոյտի վրայ տեղադրուած է դամբարանը, ծրագրաւորումով Ճարտարապետ Վազգէն Պարընի։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, յառաջիկայ 16 Յունիս 2020,…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԸ Ի ՄԱՍԻՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Նորին Ամենապատուութիւնը 18 Մայիս 2020 թուականին հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Սիմոն Չէքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ Տկն. Սաթենիկ Նշանի…

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, նախապէս հրապարակուած էր, թէ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը որոշած էր յառաջիկայ ամիսներուն վերջ տալ Էսաեան Վարժարանի զոյգ տնօրէններ՝ Տկն. Սաթենիկ Նշանի ու…

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 27 Մայիս 2020, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Ծանօթ է թէ, Քորոնայի Համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները ժողովի…