ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՈՒ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին, ընդունեց Գանատայի Անգարայի մօտ նորանշանակ Դեսպան՝ Ճամալ Քոքար եւ Աւագ Հիւպատոս Պրահիմ Աշութալը։   Այցելու Դեսպանն ու Հիւպատոսը եկած…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ ընդունեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի  այցելութիւնը։ Յետ միջօրէի կայացած այցելութեան Արհիապատիւ Տիրոջ կ՚ընկերանային Գերյ. Տ. Վարդան Ծ….

ՍԵՒԱԿ ՊԱԼԸՔՃԸԻ ԵՒ ՀՐԱՆՏ ՏԻՆՔԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

24 Ապրիլ 2011ին, զինուորական ծառայութեան ընթացքին աղիտալի կերպով սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի դատավարութեան մասին կայացած որոշումը մեր արդարութեան կարօտը մասամբ յագեցուցած է։ Հակառակ այն ճշմարտութեան, թէ սոյն որոշումով անհնար է Սեւակը…

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ «ԱՔՇԱՄ» ԹԵՐԹԻ 2 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 ԹՈՒԱԿԻՐ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻ ՄԱՍԻՆ

2 Յունուար 2020 թուակիր Թրքական «Աքշամ» Թերթը հրապարակած էր Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ կատարուած հարցազրոյց մը, որուն մէջ արտայայտուած մի քանի նախադասութիւն որոշ ընկերային ցանցերու եւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻԻ ԿՈՂՄԷ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 Յունուար 2020, Երեքշաբթի, առաւօտ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի պաշտօնական այցելութիւն տալու համար մեկնեցաւ Անգարա։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերակցեցան՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովոյ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈՒՐՈՒՆՔԸՇԼԱՑԻՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 15 Յունուար 2020, Չորեքխաբթի, առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց խումբ մը Պուրունքըշլացի հայեր։ Հիւրերու շարքին էին՝ Յովսէփ Արզուման, Նազարէթ Էօզսահակեան, Նազար Պինաթլը, Տիգրան Ալթուն, Տօքթ. Մելքոն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ զանգակները 12 Յունուար 2020, Կիրակի, առաւօտեան կանուխ ժամերուն ղօղանջեցին՝ առթելով հոգեւոր հրճուանքի տրամադրութիւն։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր անդրանիկ Սուրբ Պատարագին առթիւ ամբողջ համայնքը…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Տէր հովուեսցէ զիս եւ ինձ ինչ ոչ պակասեսցի:» (Սղ. 23.1) Յարգելի ներկաներ, Հայրեր եւ Եղբայրներ՝ Երբ մեր կեանքի յատուկ օրերուն հասնինք, ինչպէս այսօր՝ հաշուեյարդարն ալ կը սկսի ինքնաբերաբար. «Ինչո՞ւ համար…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՄԱՄԲ ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՏԱՑԱՒ ԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻՒ

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ, ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԿԱՄՕՔՆ ԱԶԳԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ, ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՄԱԶԳԱԿԱՆ ՆԱԽԱՄԵԾԱՐ ԱԹՈՌՈՅ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲՈՅ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԳԻՐ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ…

ԱՍԱՅԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ

«Ցուպ քո եւ գաւազան նոքա մխիթարեսցեն ինձ» (Սղ. 22.4)) Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայր, այս խօսքերը այսօր որքան իմաստ մը զգենուն։ Մերօրեայ ժամանակներուն ձեւական դարձած մեր կեանքը՝ գնայունին կառչած մեր ձգտումները…