ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, 24 Դեկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, ձեռամբ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներէն՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեանի։ Սոյն…

ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄՈՐԻՍ ԼԷՒԻԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 24 Դեկտեմբեր 2019, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լէւին։ Յարգելի հիւրը, փափաքն ունեցած էր անձամբ այցելել Պատրիարքարան,…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 24 Դեկտեմբեր 2019, երեկոյեան, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ յաջողութիւն մաղթեցին Պատրիարք…

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԱԶՄՈՒԱԾ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հօր գահակալութեան եւ յաջորդին մատուցանելի Պատրիարքական անդրանիկ Ս. Պատարագի հանդիսութեանց կապակցութեամբ կազմուած յանձնախումբը իր անդրանիկ նիստը գումարեց  20 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 19.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ,…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 20 Դեկտեմբեր 2019, միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւն, Արիֆ Էրկիւնէշն ու Թալին Էրկիւնէշը։ Այցելուներ, սոյն քաղաքավարական այցելութեամբ շնորհաւորեցին Պատրիարք Սրբազան…

ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՇԻՐԻՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

Երբ Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վախճանման տարելիցը կը մօտենայ, Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան հոգեւորականաց թաղամասին մէջ պատրաստութիւնները արդէն իսկ սկսած են։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Մեսրոպ Պատրիարքի շիրիմի…

ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Սրբազան Հօր, որպէս Պատրիարք ընտրութենէն ետք, Պատրիարքարանի մէջ շնորհաւորական խանդավառութիւնը կը շարունակուի։ Երեքշաբթի օր քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու այցելութեամբ արդէն իսկ սկսած էր եռուզեռ մը։ 19…

ԱԶԳ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՄԵՐԳ

Ն. Ա. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, 17 Դեկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ յայտնի երգիչ՝…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը յետ ընտրութեան պիտի ընդունի Համայնքային Մարմիններու ու Թաղային Խորհուրդներու եւ Յարակից Մարմիններու, Դպրաց Դասերու եւ Սանուց Միութեանց, Հայրենակցական Միութեանց…

ՀՐԷԻՑ ԽԱԽԱՄԱՊԵՏԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ընտրեալ Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Սահակ Սրբազան Եպիսկոպոս՝ երէկ 16 Դեկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի, ժամը 16.30-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Խախամապետ Ռավ Իցհաք Հալէվայի այցելութիւնը, որուն կ’ընկերանար Խախամապետարանի Դիւանապետը՝ Եուսուֆ Ալթընթաշ։   Ընդունելութեան ներկայ…