ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԳԵՐՄԱՆԻԱ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 9 Յունուար 2018, Երեքշաբթի, կը մեկնի Գերմանիա, գլխաւորելու համար Գերմանիոյ Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան սկզբնական գործընթացին։ Իր կեցութեան օրերուն Տեղապահ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Մի եւս եղիցին քեզ աստուածք առժամայնք. Եւ մի երկիրպագանիցես դու աստուծոյ օտարի։ (Սաղմոսք, Ձ.10) Անուրանալի իրողութիւն է թէ՝ իւրաքանչիւր ամանոր բոլորիս կը յիշեցնէ ժամանակի գաղափարը, երբ տարի մը եւս կը…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐԵԼԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առթիւ շնորհաւորութիւնները կ՚ընդունի Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցի. 6 Յունուար 2018, Շաբաթ Համայնքային եւ թաղային մարմինները, դպրաց…

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵՆԷՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Տեսալսողական միջոցներէն եւ մամլոյ հրատարակութիւններէն տեղեկացանք թէ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան 21 Դեկտեմբեր 2017ին Հայաստանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպելով արտայայտուած է Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի ընտրութեան առնչութեամբ։ Այսպէսով…

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ.

Ս.Ստեփանոս Նախավկայի նախատօնակը այս տարի կատարուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 24 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի երեկոյեան։ Արարողութեան նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատկառելի Կրօնական…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԱՆՈՒԱՆ ԴՊՐՈՑԷՆ

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 20 Դեկտեմբեր 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 13.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ գործող Հրանդ Տինք անուան դպրոցի գլխաւոր բարերարներ՝ Արթօ եւ…

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 15 Դեկտեմբեր 2016, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը։ Այցելուներ յայտնեցին, որ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս…

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 15 Դեկտեմբեր 2016, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։…

Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 12 Դեկտեմբեր 2017, Երեքշաբթի, 16.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Թորոս Ալճանի։ Այցելուները, յայտնեցին որ 17 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի…

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ ԿԻՒՄՐԻԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 10 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի, նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Կիրակնօրեայ արարողութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ….