ՏԻԿՆԱՆՑ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Քաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով, 8 Յունուար 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ դահլիճին մէջ ընդունուեցան Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ….

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԳՈՒՄԳԱԲԸԻ ՄԷՋ

Մանկանց աւանդական Ամանորեան խրախճանքն ու Կաղանդ Պապուկի այցելութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ 2 Յունուար 2013, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։ Պատրիարքական Աթոռոյ…

ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ԳԷՈՐԳ Դ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 200-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Երանաշնորհ Գէորգ Դ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (Գէորգ Բ. Պատրիարք Կ.Պոլսոյ) ծննդեան 200-ամեակին ձօնուած հոգեւոր համերգը իրականացաւ 28 Դեկտեմբեր 2013, Շաբաթ գիշեր, Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարի համալիրի Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ…

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Մխիթարեան Վարժարանի 6րդ եւ 7րդ դասարաններու աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի նախակրթութեան բաժնի տնօրէն Գարեգին Պարսամեանի եւ փոխ-տնօրէն Թահսին Եըլտըրըմի, 19 Դեկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր…

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, 16 Դեկտեմբեր 2013, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ….

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի խնամակալութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանի, 10 Դեկտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, ժամը 13.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական…

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ ՁՕՆՈՒԱԾ՝ ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ

Պատրիարքական Ս. Աթոռոյ երանաշնորհ գահակալներէն Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100 ամեակին ձօնուած հոգեւոր համերգը իրականացաւ 9 Դեկտեմբեր 2013, Երկուշաբթի գիշեր, քաղաքիս Սէնթ Անթուան Լատին Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր….

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՍՏԵՓԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԿՈՄԻԿԵԱՆԻ

Պատրիարքական Աթոռոյ քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն՝ Տ.Ստեփան Աւ. Քհնյ. Կոմիկեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 6 Դեկտեմբեր 2013, Ուրբաթ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ։  Ս. Պատարագին հանդիսապետեց ու…

ՀԱՆԳԻՍՏ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԿՈՄԻԿԵԱՆ

Երեսունեւեօթնամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, երբեմնի հոգեւոր հովուին Հալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս, Ազգային Հիւանդանոցի Ս. Փրկիչ, Գումգաբու Դուրսի Ս. Յարութիւն, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս, Ենիգիւղի Գիւտ…

ԹՕՓԳԱԲԸԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Թօփգաբըի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի, 28 Հոկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս….