ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեանի, 6 Մարտ 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեց Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ….

ՊՈՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Պոյաճըգիւղի Թաղային Խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Նազարէթ Էօզսահաքեանի, 6 Մարտ 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեց Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Թաղային Խորհուրդի…

ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԷՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆ

Վերջերս, Սամաթիա բնակող կարգ մը տարեց հայ կիներ պարբերաբար յարձակումի ենթարկուած էին։  Ոստիկանութիւնը, յետ կատարուած լուրջ քննարկումներու, ֆաթիհ թաղամասի մէջ ձերբակալած էր Մուրատ Նազարեան անուն անձը որպէս յանձագործ։ Այս հարցին…

ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ դասուն նախագահ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, 28 Փետրուար 2013, Հինգշաբթի, ժամը 16.30-ին այցելեց Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր…

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ 100–ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ

Գարակէօզեան Տան Խնամակալութիւնը որոշած էր նշել հաստատութեան հիմնարկութեան 100-ամեակը եւ այս ուղղութեամբ կազմած էր կարգադիր յանձնախումբ մը։ Յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ իրենց ատենապետ Հայկ Ասլանեանի, 27 Փետրուար 2013, Չորեքշաբթի, Ժամը 16.00-ին…

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԸ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ, Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ դասուն նախագահ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, 1 Փետրուար 2013, Ուրբաթ, այցելեց Պատրիարքարան եւ…

ՍԻԼՎԱ ԿՈՄԻԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԿՈՂՄԷ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի կողմէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկեայ շքանշանով պատուուեցաւ ասմունքող՝ Սիլվա Կոմիկեան։ 20 Յունուար 2013, Կիրակի առաւօտ, Ս….

ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԿՈՂՄԷ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի կողմէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան արծաթեայ շքանշանով պատուուեցաւ համայնքիս “կրթասէր, մշակութասէր, գրասէր, բարեսէր ու եկեղեցասէր” դէմքերէն՝ Արամ…

ԵՐԳԻՉ ԱՆՏՐԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Սիրուած երգիչ Անտրէ, որ համերգի մը համար քաղաքս եկած է, առաջին օրն իսկ՝ 12 Յունուար 2013, Շաբաթ, ժամը 14.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս….

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Ազգ. Վարժարանի Խնամակալութեան ներկայացուցիչները, 11 Յունուար 2013, Ուրբաթ, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Ղալաթիոյ տարեկան…