Պիւյիւքտէրէի Գերեզմանատուն

(Bentler Cad., Kibrit Fabrikası Yanı, 34453 Çayırbaşı)
Հեռ.՝ (0212) 242-2366
Ել-նամակ՝ buyukderekilisesi@hotmail.com

Թաղին հին գերեզմանատունը, որ կը գտնուէր Գըլճը Չայըրը կոչուած բլուրին վրայ, ձեռքէ ելած էր շատ տարիներ առաջ։ Պիւյիւքտէրէի բնակիչներէն իտալացի Մ. Ֆրանքինի, 1910էն առաջ, իբրեւ գերեզմանատուն գործածուելու նպատակաւ չորս մասերու բաժնեց ու նուիրեց իր սեփական հողը՝  Lատիններուն, Հայ Առաքելականներուն, Հայ Կաթոլիկներուն եւ Յոյներուն։

Հայոց գերեզմանատան մէջ թաղուած ազգայիններէն կ՚արժէ յիշել երաժշտագէտ, քերթող եւ կրթական գործիչ Սահակ Խանճեանը (1843-1910)։