Պաղլարպաշը (Ս. Կարապետ Գերեզմանատուն)

(Nuh Kuyusu Cad. No: 148, 34662 Bağlarbaşı)
Հեռ.՝ (0216) 553-8055
ֆաքս՝ (0216) 474-4458

Կը գտնուի Պաղլարպաշը կոչուած բարձունքին վրայ։ Գոյութիւն ունի 16րդ դարու կէսէն ի վեր։ Գերեզմանատան հնագոյն տապանաքարը կը կրէ 1637 թուականը։
Գերեզմանատունը ունի 14 հազար քռ. մեթր տարածութիւն։ Բաժնուած է երկու մասի, որուն հիւսիսային մասը յատկացուած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, իսկ հարաւայինը՝ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ 1555ին. իսկ սահմանները ճշդուած են 1884ին։ Գերեզմանատանց գլխաւոր բարերարը եղած է Տիգրանակերտցի ջորեպան Ադամ, վախճանած՝ 1718ին։
Գերեզմանատունը տեղ տեղ զարդարուած է փառայեղ ու գեղակերտ յուշադամբաններով ու գերեզմանաքարերով, որոնք ուշադրութիւն կը հրաւիրեն որպէս գեղարուեստի հատընտիր նմոյշներ։

Այս գերեզմանատան մէջ թաղուած են՝
Զաքարիա Պատրիարք Վանեցի, (վախճանած 1640)
Աստուածատուր Պատրիարք (1768-1846)
Ալէմտաղի Եկեղեցւոյ վերջին հոգեւոր հովիւ Մուշեղ Քհնյ. Կոբոյեան