ԷՅԻՒՊ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Մարտ 2021, Հինգշաբթի առաւօտ,Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Էյիւպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Ատենապետ՝ Արթօ Արմանի։ Այցելուներ, եկեղեցւոյ կալուածներէն միոյն վերջնական վիճակին մասին…

ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 24 Մարտ 2021, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց իրաւաբաններ՝ Սեդրակ Տավութհանն ու Սեպուհ Ասլանկիլը։ Այցելուները, համայնքային հաստատութեանց ընտրութեանց մասին վերջերս տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին…

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Ծանօթ է թէ համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարչութեանց ընտրութիւնները աւելի քան ութը տարիէ ի վեր չէին կատարուեր։ Բնականաբար այս սպասումը մտահոգութեան դուռ բացած էր թէ վարչութեանց մօտ եւ թէ համայնքային…

ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՈՄՍԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՍԱՆ

Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան ծիրէն ներս, համայնքիս կարիքաւոր ընտանիքներու համար յատկացուած 567 զոյգ օժանդակութեան տոմսը, այս շաբաթ հասաւ Պատրիարքարան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի Ատենապետ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ՝ ԵԱՒՈՒԶ ՍԱԼԹԸՔԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Մարտ 2021, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի Ատենապետ Եաւուզ Սալթըքը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Շիրվան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ 2020-Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմուած Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը կը շարունակէ ծաւալել օգտաշատ գործունէութիւն։ Յանձնախումբի վարիչները Մարտ 2020-էն սկսեալ եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու եւ…

ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՇԻՐԻՄՆԵՐՈՒ ԱՌՋԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Պատրիարքական Աթոռոյս 82րդ, 83րդ եւ 84րդ գահակալներ՝ Շնորհք Եոզղատցի (Գալուստեան), Գարեգին Բ. Պոլսեցի (Գազանճեան) եւ Մեսրոպ Բ. Պոլսեցի (Մութաֆեան) պատրիարքներ, իրենց վախճանման տարելիցներուն առթիւ, 8 Մարտ 2021, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին,…

ԱՌՑԱՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ

Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր վախճանման տարեդարձին առթիւ, «ՀԱՅԹԵՐԹ»ի կայքէջի վրայ, 7 Մարտ 2021, Կիրակի, ժամը 19.30-ին, տեղի ունեցաւ առցանց յիշատակութիւն մը, ձօնուած՝ Աթոռոյս 84րդ Գահակալին։ Հանդիսութիւնը վարեցին՝ Ստանպուլէն՝ Թամար…

ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Մարտ 2021, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Մօտ Եւրոմիութեան Պատուիրակութեան անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութի։ Դիւանագիտական հիւրերը, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ փափաքած էին…

ԱԹՈՌՈՅՍ “HAY MENTEE-MENTOR” ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒԵՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Փետրուար 2021, Հինգշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «HAY MENTEE-MENTOR» երիտասարդաց ծրագրի պատասխանատուները, որոնք ծրագրի Փետրուար ամսուան գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։ Երիտասարդներ յայտնեցին թէ,…