Ս. Խաչ Լիսէ (Դպրեվանք), Սկիւտար

(Ekmekçibaşı Sok. No. 3, 34664 Üsküdar)
Հիմնադիր՝ Վարուժան Պուլկան Տնօրէն՝ Արմէն Սարուխանեան
Հեռ.՝ (0216) 553-0307 ֆաքս՝ (0216) 334-7518
Ել-նամակ՝ okul@surphaclisesi.k12.tr Կայքէջ՝ http://www.surphaclisesi.k12.tr

Կալուածագրի մը մէջ, Սուրբ Խաչ Վարժարանի մը անուան կը հանդիպինք 1706ին Մուալլիմհանէ անուամբ։ Սկիւտարի նշանաւոր հրդեհները 1791ին, 1825ին եւ 1846ին հրոյ ճարակ կը դարձնեն վարժարանի շէնքը, որ վերջին անգամ կը կառուցուի 1892ին։ 1919ին վարժարանին մէկ մասը որբանոցի կը վերածուի մինչեւ 1938։ 1953ին Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի ջանքերով Սբ. Խաչ վարժարանը միջնակարգ, լիսէ եւ ընծայարանի բաժիններով դպրեվանքի կը վերածուի։ Ընծայարանի բաժինը 1967ին կը փակուի եւ վարժարանը Սուրբ Խաչ լիսէ անուամբ կը շարունակէ իր գոյութիւնը։ 1987-1988 տարեշրջանին երկսեռի կը վերածուի։ Վարժարանը ներկայիս քառամեայ լիսէի մակարդակով ուսում կը ջամբէ երկսեռ աշակերտներու։ Ս. Խաչ Դպրեվանքի հիմնարկութեան յիսնամեակը տօնուեցաւ 2003ին։

1980-ական թուականներուն վարժարանը ունեցաւ իբրեւ Հիմնարկ ընդունելութիւն գտնելու հարցեր, սակայն 2012 թուականին Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան որոշումով կրկին ճանաչում գտաւ։