Տատեան Վարժարան, Պաքըրգիւղ

(Ebuzziya Cad. No. 34/1, 34140 Bakırköy)
Հիմնադիր՝ Մարի Եանճը Տնօրէն՝ Երանուհի Պալճը
Հեռ.՝ (0212) 571-6077 ֆաքս՝ (0212) 570-3234
Ել-նամակ՝ info@dadyan.k12.tr Կայքէջ՝ http://www.dadyan.k12.tr

Արքունի վառօդապետ Յովհաննէս Պէյ Տատեան 1844ին Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ կից «Արծրունեան» անունով փայտաշէն վարժարան մը շինել կու տայ։ Առաջին վարժապետը կըլլայ Նիկողոս անուն անձ մը, որ մինչեւ 1870 իր պաշտօնը կը վարէ։ 1892ին ժողովուրդին ալ օժանդակութեամբ եկեղեցւոյ յարակից գետնին վրայ կը կառուցուի արդի քարուկիր շէնքը եւ ի յարգանս Տատեան բարեհամբաւ գերդաստանի, վարժարանը կը կոչուի Տատեան երկսեռ վարժարան։ 1892-1894 թուականներու միջեւ Կրօն Միքայէլեանի տնօրէնութեան օրով մանկապարտէզի դրութիւնը կը հաստատուի վարժարանին մէջ։ 1958-59 տարեշրջանին ալ նախակրթարանը, թաղեցիներու, թաղային խորհուրդի եւ հոգաբարձուներու փափաքով միջնակարգի կը վերածուի։

Վարժարանը այժմ մանկապարտէզի եւ ութնամեայ նախակրթութեան բաժիններով կը գործէ։