Ներսէսեան Դպրաց Դաս / Գնալը Կղզի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի

Նախագահ՝ Յարութիւն Աբղ. Տամատեան
Դպրապետ՝ Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասն է։ 1910-ին կը սկսին կանոնական դպրաց դաս մը կազմելու աշխատանքները, սակայն այս ջանքերը չեն պսակուիր յաջողութեամբ։ 1913ին աշխատքները կը յաջողին ու պաշտօնական առաջին Դպրաց Դասը կը կազմուի։ 1953ին Դպրաց Դասը կը լուծուի եւ մինչեւ 1984 եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած դպրաց դաս մը գոյութիւն չունենար։

1984ին Դպրաց Դասը կը վերակազմուի։ Նորակազմ դպրաց դասու անդամներու մեծամասնութիւնը կ՚ըլլան երիտասարդներ։ 1985ին Դպրաց Դասը կ՚անուանուի. «Ս. Ներսէսեան», Ս. Մեծն Ներսէս Պարթեւ Հայրապետի անունով, նկատի ունենալով, որ Ներսէս Հայրապետ աքսորուած էր Իշխանաց Կղզիներ։

Այս շրջանէն սկսեալ եկեղեցական արարողութեանց առընթեր,երիտասարդական եւ մանկանց աշխատանքները կը ծաւալին։ Կը կազմակերպուին նաեւ մշակութային հանդիսութիւններ։

Կազմակերպուած են նաեւ ուխտագնացութիւններ Թուրքիոյ զանազան սրբավայրերը եւ ի մասնաւորի դէպի Ս. Երկիր։ Դպրաց Դասու անդամներու աշխատութեամբ ու դպրաց դասու մեկենասութեամբ հրատարակուած են շատ մը գիրքեր։

Ստանպուլահայ հասարակութիւնը ամառուան շրջանին կղզի բնակելուն, դպրաց դասու աշխատանքները այս շրջանին աւելի գործօն կ՚ըլլայ։