Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ Դպրաց Խումբ

Նախագահ՝ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան
Վարիչ՝ Էտվին Յարութիւն Սրկ. Կալիպեան

Armas KorusuԽումբը անունը առած է պատմական Արմաշու Դպրեվանքէն։ Կազմուած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ հաստատութեան 550-ամեակի առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Սրբազան Հօր եւ Պատ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանի քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ։

Խումբին նպատակն է՝ Արտաքոյ պաշտամունքի, ունկնդրութեան առիթ ստեղծել Հայ Եկեղեցւոյ հարստութեան՝ շարականներուն։ Ի տարբերութիւն Ստանպուլահայ դպրաց դաս երգչախումբերէ, Արմաշ խումբը միացեալ երգչախումբ մըն է եւ կազմուած՝ այլ դպրաց դասերու անդամ դպիր, կիսասարկաւագ եւ սարկաւագներէ։

Արմաշ Դպրաց Խումբը, իր առաջին համերգը 2011ին սարքած է Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցւոյ օծման առթիւ։ Ներկայիս, իր աշխատութեանց կը շարունակէ, Բրշ. Էտվին Սրկ. Կալիպեանի ղեկավարութեամբ եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ։