Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբ / Գատըգիւղ, Ս. Թագաւոր Եկեղեցի

Նախագահ՝ Յարութիւն Աբղ. Տամատեան
Փոխ-Նախագահ՝ Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան
Դպրապետ՝ Զարեհ Ուր. Դպ. Ազարեան

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ համանուն Դպրաց Դաս Երգչախումբն է։ Կազմուած է 1938ին։ Արական այս խումբը ապա եղած է երկսեռ։ Խումբի առաջին վարիչը եղած է Նուպար Գարիպեան։ Երգած է նաեւ Մանասեան քառաձայն Ս. Պատարագը։

Դպրաց դաս երգչախումբը եկեղեցական երգեցողութեանց առընթեր հանրութեան ներկայացած է հոգեւոր ու աշխարհիկ երգերով։ Երգչախումբը Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ մասնակցած է շատ մը հանդիսութեանց, համերգներու, փառատօններու։

Խումբը այժմ Սեւան Շէնճանի մականին ներքեւ, կ՚երգէ Կոմիտասեան քառաձայն երգեցողութեամբ։