ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՄԵՂՐԻԿ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 18 Յունուար 2021 թուակիր նամակով ցաւակցութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին։ Կիլիկեան Ս. Աթոռոյ վաստակաշատ միաբաններէն եւ Դպրեվանուց Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը 11 Յունուար 2020-ին օժտուած էր 85րդ գահակալով՝ յանձին Ամենապատիւ Տէր Սահակ Սրբազան Եպիսկոպոսի։ 11 Յունուար 2021, Երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, Նորին…

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Նոր Տարուայ սեմին հասանք։ Մէկ տարի եւս աւելցաւ անցնող հազար ամեակներու վրայ: 2020-ը եղաւ մարդկային պատմութեան խստաշունչ ձմեռներէն մէկը, դոհ ու բոհ պատճառելով բոլոր սիրտերուն: Մենք որ չենք սիրեր ժամանակի…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

Այսու, կու գանք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել, թէ պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն զուգահեռ Ամանորեան ու 2021 տարուան Ս. Ծննդեան առթիւ եղած են հետեւեալ տնօրինումները. Ա. Նկատի ունենալով արգելափակումները, 31 Դեկտեմբեր…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՕՐԱՑՈՅՑԸ

Ինչպէս անցեալ տարիներ, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2021ի “Եկեղեցական Օրացոյց”ը։ “Եկեղեցական օրացոյց”ը կը պարունակէ եկեղեցական մեր բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։ Բաց…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի, Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ մասնակցեցաւ Մարգար Էսաեանի մահուան քառասնից լրման առթիւ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ կատարուեցաւ հանդիսապետութեամբ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ…

ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 28 Նոյեմբեր 2020, Շաբաթ, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյս Լուսարարապետ եւ Դիւանապետ…

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՏԻԱՆԱ ԳԱՄԲԱՐՈՍԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԿՈՂՄԷ…ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՆԱԵՒ ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ… Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Գալֆաեան…

ՔԱՀԱՆԱՅԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱԲԵՂԱՅԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹՈՌՈՅՍ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

20 եւ 21 Նոյեմբեր օրերը ոգեւորիչ թուականներ դարձան Աթոռոյս տարեգրութեան մէջ, Պատրիարքական Աթոռոյ սարկաւագ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սերովբեանի քահանայական ձեռնադրութեամբ եւ աբեղայական օրհնութեամբ։ ԿՈՉՈՒՄ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ որոշումով եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ…