ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի 16 Մարտ 2020 թուակիր Է. արտակարգ նիստի որոշումներու 8րդ յօդուածին համաձայն կու գանք անգամ մը եւս յիշեցնել մեր Հոգեւորականաց Դասուն, Համայնքային ու Թաղային Մարմիններուն եւ մերազն հաւատացեալ…

ԿԱՆԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ԱՌԹԻՒ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովը իր 16 Մարտ 2020 թուակիր Է. արտակարգ նիստին նկատի ունեցաւ «Քորոնա» ժահրի վարակման կապակցութեամբ արձանագրուած զարգացումները, աշխարհացրիւ ու Թուրքիոյ տեղական միջոցառումները։ Այս ուղղութեամբ արդէն կատարուած են ու…

«ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿԻ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է թէ «Քորոնա» մահացու ժահրի վարակման տարածումը համաշխարհային չափանիշով դուռ բացած է ընկերային տագնապալի վիճակի մը։   Այս ուղղութեամբ արդէն իսկ պետութիւններ, առողջապահական միջազգային հաստատութիւններ, կրօնական հաստատութիւններ, վարակման տարածումը…

ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը իր վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ, 8 Մարտ 2020, Կիրակի յիշատակուեցաւ։ Առաւօտ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՐ ԱԹՈՌԸ

Ն.Ա.Տ. Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան 6 Մարտ 2020, Ուրբաթ, երեկոյեան ժամերուն հրաժեշտ առաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Նորին Ամենապատուութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հրաժեշտ առնելէ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՏԵՆԱՊԵՏԵՑ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 3 Մարտ 2020, Երեքշաբթի, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նիստերը սկսան, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Որպէս ատենապետ այս նստաշրջանին կը մասնակցի…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԻՐԱԿԱՆԱՑԱԾ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 2 Մարտ 2020, Երկուշաբթի, շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքի առաջին աշխարհաբար փոխադրութեան վերահրատարակութեան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, «Նարեկ»ը առաջին անգամ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՔԱՐՈԶԵՑ Ս. ԳԱՅԻԱՆԷ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Մարտ, 2020, Կիրակի, մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէ Վանքին մէջ մատուցուած տեղի ունեցած կիրակնօրեայ արարողութեանց որուն նախագահեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Առաւօտեան ժամերուն Վեհափառ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 28 Փետրուար 2020, Ուրբաթ, երեկոյեան ժամերուն հասաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Սա Նորին Ամենապատուութեան առաջին արտասահմանեան ուղեւրութիւնն է՝ պատրիարքական գահ բարձրանալէ վերջ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերակցէին…

ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր հրաւէրով եւ Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Իսքենտէր Շահինկէօզի հիւրասիրութեամբ Օրթագիւղի Րատիսոն Պլու հիւրանոցին մէջ կայացաւ մտերմիկ հաւաքոյթ մը։ նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էին Պատրիարքարանի Դիւանապետ…