ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՍԵՊՈՒՀ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Նոյեմբեր 2020 թուակիր նամակով ցաւակցութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Մայր Աթոռոյ վաստակաշատ միաբաններէն եւ Գուգարաց Թեմի բազմարդիւն առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ…

ՀԱՍ ԽԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան կողմէ օրակարգի բերուած եւ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը գրաւած Հաս Խանի հարցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր ուշադրութեան յանձնուած էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը հարցը քննարկելով…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ

Ինչպէս ծանօթ է, 14 Հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12304 համար եւ 26 Հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12311 համար զեկոյցներով, մերազն ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան յանձնուած էր Քորոնաժահրի մասին զգուշացումներ։ Նկատի ունենալով…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Վերջերս կալուածի մը վերաբերեալ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի ու Գարակէօզեան Տան միջեւ գոյացած տարակարծութեան կապակցութեամբ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ 28 Հոկտեմբեր 2020, չորեքշաբթի, ժամը 16.00ին կայացաւ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գծով կազմուած յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ 26 Հոկտեմբեր 2020, Երկուշաբթի ժամը 11.00-ին Պատրիարքարան այցելեցին եւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԵԱՆՑ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ինչպէս ծանօթ է, 14 Հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12304 համար զեկոյցով մերազն ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան յանձնուած էր Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան Խորհրդակատարութեանց ու Յուղարկաւորութեանց արարողութիւններուն մասին զգուշացումներ։ Նոյն առթիւ…

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Ինչպէս ծանօթ է ԱԳ Կուսակցութեան Ստանպուլի Երեսփոխան ու մտաւորական, սիրուած անձնաւորութիւն Մարգար Էսաեան 16 Հոկտեմբեր 2020, Ուրբաթ երեկոյեան իր մահկանացուն կնքեց հիւանդանոցին մէջ, ուր կը դարմանուէր՝ խոր սուգի մատնելով իր…

ԶԵԿՈՅՑ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է թէ, Քորոնայի Համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները մեր եկեղեցիները վերաբացուած էին հաւաքական պաշտամունքի, նաեւ Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան Խորհրդակատարութեանց ու Յուղարկաւորութեանց արարողութիւններուն՝ հնազանդ մնալու պայմանաւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՄԱՍԻՆ ՂԱՐԱՊԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ

Իսկապէս ցաւառիթ պարագայ մըն է, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պետութիւնները չեն կարողացած շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր շարունակուող Ղարապաղի հարցը սեղանի վրայ լուծել։ Երկիրներու միջեւ զինեալ բաղխումներն ու պատերազմները կողմերուն…

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՆՈՒԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՕԺՏՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐ ԳՈՅՔԵՐՈՎ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 24 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, ժամը՝ 11.00ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մարի Մատլէն Պալեանը, ընկերակցութեամբ՝ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի եւ Ազնիւ Մեծատուրեանի։ Հանդիպման ներկայ էր նաև Աթոռոյս Դիւանապետ…