ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԻՐԱՐԿԵԼԻ ՀԱՐԿԱՒՈՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

Եկեղեցիներու թաղային խորհուրդները եւ անոնց նշանակած պաշտօնեաները պատասխանատու են այս կանոնագրութեան ընդգրկած կանոնները գործադրելու եւ հսկելու ուղութեամբ։ Սոյն Կանոնագրութիւնը պէտք է ցուցադրուի ի տես ժողովրդեան։     ՄՈՒՏՔ Եկեղեցւոյ համալիրէն…

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 14 Յուլիս 2020, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, ժամը՝ 16.00-ին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։   Ծանօթ է թէ, Քորոնայի Համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական…

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Յուլիս 2020, Հինգշաբթի, ժամը 21.00-ին, Պատրիարքարանի ամարանոցի շէնքին մէջ ընդունեց Կղզեաց Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի եւ Ատենապետ՝ Լեւոն…

ԱՐԱՄ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅՍ «ՕՐՄԱՆԵԱՆ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր, օրհնութեամբ ու հովանաւորութեամբ, 2 Յուլիս 2020, Ս. Թարգմանչաց Տօնին, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ՝ յայտնի արուեստագէտ Արամ…

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

  Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 1 Յուլիս 2020, Չորեքշաբթի, առաւօտ գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։   Ծանօթ է, թէ Քորոնայի Համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները…

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ  Ի ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆՑ

Մեր համայնքի անդամներուն ծանօթ է, թէ երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային եւ թաղային մարմիններու ընտրութիւնները կարելի չ’ըլլար կատարել։ Այս պարագան ծնունդ կու տայ զանազան հարցերու, որոնք կը զբաղեցնեն համայնքի օրակարգը։ …

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԸ Ի ՄԱՍԻՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Նորին Ամենապատուութիւնը 18 Մայիս 2020 թուականին հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Սիմոն Չէքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ Տկն. Սաթենիկ Նշանի…

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 27 Մայիս 2020, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Ծանօթ է թէ, Քորոնայի Համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները ժողովի…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Ի ՄԱՍԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆՑ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ

Ծանօթ է, թէ մերազն հաւատացելոց, թէ Քորոնա Ժահրի համավարակի պատճառաւ 16 Մարտ 2020 թուականէն ի վեր Ամեն. Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ ու առաջնորդութեամբ Աթոռս կը շարունակէ առաքելութիւն մը։…

ԱՄԵՆ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄ. ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ  

Յետ Պատրիարքական Ընտրութեան Հանրապետութեան Վսեմ. Նախագահը Հանրապետական Համալիրին մէջ ընդունած էր Ամեն. Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Այս ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը Նորին Վսեմութեան նկատառման յանձնած էր համայնքային կարեւոր…