ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի 16 Մարտ 2020 թուակիր Է. արտակարգ նիստի որոշումներու 8րդ յօդուածին համաձայն կու գանք անգամ մը եւս յիշեցնել մեր Հոգեւորականաց Դասուն, Համայնքային ու Թաղային Մարմիններուն եւ մերազն հաւատացեալ…

ԿԱՆԽԱԶԳՈՒՇԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ԱՌԹԻՒ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովը իր 16 Մարտ 2020 թուակիր Է. արտակարգ նիստին նկատի ունեցաւ «Քորոնա» ժահրի վարակման կապակցութեամբ արձանագրուած զարգացումները, աշխարհացրիւ ու Թուրքիոյ տեղական միջոցառումները։ Այս ուղղութեամբ արդէն կատարուած են ու…

«ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿԻ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է թէ «Քորոնա» մահացու ժահրի վարակման տարածումը համաշխարհային չափանիշով դուռ բացած է ընկերային տագնապալի վիճակի մը։   Այս ուղղութեամբ արդէն իսկ պետութիւններ, առողջապահական միջազգային հաստատութիւններ, կրօնական հաստատութիւններ, վարակման տարածումը…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մեր համայնքային եւ թաղային մարմիններուն, ինչպէս նաեւ մեր բարեպաշտ ժողովուրդին կը ծանուցանենք, թէ 8 Մարտ 2020, Կիրակի վախճանման առաջին տարելիցն է ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ Տ. ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ։   Այս առթիւ…

ԶԵԿՈՅՑ

ՍԳԵՄԻ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ   Այսու կը ծանուցանենք համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր համայնքի անդամներուն, թէ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի 16 Դեկտեմբեր 2019 թուակիր ու 1838 համար հրամանագրով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն….

ՃՇԴՈՒՄ

Յետեւեալ ճշդումը ուղարկուած է նաեւ Մարմարա Օրաթերթի առ ի հրատարակութիւն Պատրիարքական Աթոռի Դիւանը ցաւով տեղեկացաւ Մարմարա Օրաթերթի 3 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի օրուան թիւին մէջ լոյս տեսած «Պատրիարքարանը երէկ փայլեցաւ իր…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԽՏԱՒՈՐԱՑ ԽՈՒՄԲԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը 15.30-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պոլսեցի ուխտաւորաց խումբը, որոնք Սաղիմական Ս. Ծննդեան Տօնակատարութեանց մասնակցելու համար փութացած էին Ս. Երուսաղէմ։ Հանդիպման ներկայ…

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով երէկ  31 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 17.00-ին կայացաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, մեր վարժարաններու եւ եկեղեցիներու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան վիճակի կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ…

ԴԱՆԻԱՑԻ ՀԻՒՐԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 31 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը՝ 11.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Դանիայէն Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կրօնից եւ հաւատքի ազատութեան պաշտօնակատար Միքայէլ Սուրն ու Դանիոյ Դեսպանութեան քաղաքական գործիչ…

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուան առիթով, 25 Յունուար 2020, Շաբաթ, ժամը 18.00-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք, նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։   Ներկայ էին  Լատին Կաթոլիկ…