ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԸ

Պատկ. Կրօնական Ժողովը երէկ ժամը 10.00-ին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի Սրահին մէջ, նախագահութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պէքճեանի։ Եկեղեցական արարողութեանց կանոնաւորման հետ առընչուած ընթացիկ հարցերու առընթեր, որոշուեցաւ Դպրաց Դաս…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՓՐՕՖԷՍԷՕՐ ՏՔԹ. ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆԸ

Համայնքային շրջանակներէ ներս, վերջին օրերուն մեծ ուրախութեան պատճառ եղաւ, Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճանի Փրօֆէսէօրութեան աստիճանի բարձրացումը։ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, այս առթիւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԵԼԺԻՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Պելժիոյ Ֆիլիփ Թագաւորի գահակալութեան տարեդարձը, 14 Նոյեմբեր 2017, Երեքշաբթի երեկոյ նշուեցաւ քաղաքիս Պելժիոյ Հիւպատոսարանին մէջ։ Պելժիոյ Ստանպուլի աւագ հիւպատոս Սոֆի տը Սմետթի հիւրընկալութեամբ սարքուած ընդունելութեան, պաշտօնական բազում հաստատութեանց շարքին հրաւէր…

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 14 Նոյեմբեր 2017, Երեքշաբթի, ժամը 15.30-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբը։ Յանձնախումբի անդամները, փափաքած էին քաղաքավարական այցելութեամբ անձամբ ծանօթանալ Պատրիարքական…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 29 Հոկտեմբեր՝ Հանրապետութեան Տօնին առթիւ, հետեւեալ շնորհաւորական նամակը ուղարկեց Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանին։ Sayın Cumhurbaşkanımız, Cumhuriyet Bayramı kutlamaları tüm vatandaşlar için…

ԶԵԿՈՅՑ

Իսթանպուլի Մեծայարգ Կուսակալ Վասիբ Շահինէ ստացուած ժամադրութեան համաձայն Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու,…

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. «ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ԽՈՀԵՐ»

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի օրհնութեամբ, Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ կողմէ Հոկտեմբեր 2017ին լոյս ընծայուեցաւ՝ «Քառասնօրեայ Խոհեր» գիրքը։ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց Տօնի եւ Մշակոյթի Շաբթուան առթիւ հրատարակուած սոյն գիրքը…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԳԱՄԸ

Պատրիարքական Աթոռէ ներս մեր կոչուած պաշտօնը քաղցր լուծ մըն է եւ որպէս Տեղապահ Ս. Թարգչմանչաց Վարդապետաց Տօնի առիթով պարտք կը զգանք մեր հայրական խօսքը ուղղել Հոգեւորականաց Դասու անդամներուն, Կրթական մշակներուն…

ՇՈՒԿԱՅԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆՈՒԱԾ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Պատրիարքական Աթոռը մամուլէն եւ դիմատետրի էջերէն տեղեկացած է, թէ Ֆէրիգիւղի հնավաճառաց շուկային մէջ տեսնուած են վաճառելի եկեղեցական իրեր։ Մեր ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Պատրիարքական Աթոռը ոչ եկեղեցիներու երէցներէն ոչ ալ…

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 350 ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Աստուածաշունչ Մատեանի հայատառ տպագրութեան 350-ամեակին առթիւ, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Մաշտոց Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր «Տպագրութեան Մարգարիտ» խորագրեալ գիտաժողովն ու ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ 19-20 Սեպտեմբեր 2017ին, Մատենադարանի նիստերու…