Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս Ս. Աստուածածնի Վերափոխումը աւանդական մթնոլորտի մէջ տօնուեցաւ Գնալը Կղզիի բարձունքին վրայ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առթիւ, նախորդ երեկոյեան կատարուեցաւ կ Կիրակամուտքի եւ Հսկումի…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԻՆ

Պատրիարքական Ս. Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը գումարուեցաւ 13 Յուլիս 2005, Չորեքշաբթի, ժամը 11.00-ին,նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր եւատենապետութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Եպսկ. Աթէշեանի։ Ժողովական հայրերը քննարկեցին Հայաստանի ԳիտութիւններուԱզգային Ակադեմիայի…

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ 19 Յունիս 2005Կիրակի առաւօտեան արարողութիւնները սկսան ժամը 09.00ին, իսկ Ս.Պատարագը՝ 10.30ին։ Արարողութեանց նախագահեց Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղ.Ուչքունեան։…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԱՅՑԵԼԵՑ

Պոլիսէն 85 հոգինոց ուխտաւորներու խումբ մը եւ Ս. Վարդանանց Երգչախումբը եւս այցելեցին Ս.Քաղաք Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 25 ԱպրիլԵրկուշաբթի երեկոյ Ս. Երուսաղէմ մեկնեցաւմասնակցելու համար Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Զատկիհանդիսութիւններուն,…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԴԻՄԵՑ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը Ստանպուլի ԿուսակալՄուամմէր Կիւլէրին յղած 19 Ապրիլ թուակիր նամակով պահանջեց որ24 Ապրիլ 2005 Կիրակի ապահովութեան միջոցներ առնուին հայկական հաստատութեանց մօտ։ Նորին Ամենապատուութեան նամակին պարունակութիւնը հետեւեալն էր….

ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը՝ 11 Ապրիլ 2005 երկուշաբթի ժամը 11.30-ին, Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Գափ թեմէն Պոլիս ժամանած քսան հոգինոց ուխտաւորներու խումբ մը։…

1600ԱՄԵԱԿԻ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Այս տարեշրջանին՝ ծրագրուած է յատուկ հանդիսութիւններով յիշատակել Տառերու Գիւտը, զոր 1600 տարի առաջ իրագործած էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ եւ տօնական տրամադրութեամբ անդրադառնալ այդ մեծ Գիւտին կենսատու կարեւորութեան։ Ինչպէս որ…

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ ԵՒ Ս. ԶԱՏԻԿ

Ոգեւոր Աւագ Շաբթուան աւարտին եկեղեցիներուզանգակները աւետեցին. ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ Մեծ Պահքի ապաշխարութեան շրջանէն յետոյ,Ղազարու Յարութեան յիշատակով սկսած ԱւագՇաբաթը իր արարողութիւններով հաւատացեալներունհամար հոգեւոր ապրումներու շրջան մը եղաւ։ ԱւագՇաբթուան տեւողութեան ընթացքին…

ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ հիմնուած Գործածուած Զգեստներու եւ Կարասիներու Արժեւորման Յանձնախումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ իրեն յատկացուած սենեակին մէջ։ Յանձնախումբը իր հիմնադրութենէն…