Ս. Եղիա Եկեղեցի, Էյուպ, Նիշանճա

Հասցէ
(Karayel Sok. No: 16, 34050 Eyüp)
Հեռ.՝ (0212) 565-1990

Կը գտնուի Նշանճա թաղին մէջ։ Եկեղեցին գոյութիւն ունեցած է 18րդ դարուն եւ նորոգուած՝ ժողովրդային հանգանակութեամբ։ Ըստ Ղուկաս Վարդապետ Ինճիճեանի արձանագրութեան 1766ին քանդուած է, սակայն հրամանագրով մը վերաբացուած է 1800 թուականին։
Եկեղեցին վերակառուցուեցաւ եւ բացումը կատարուեցաւ 1832ին Ստեփանոս Պատրիարքի շրջանին Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի քրոջ՝ Գէորգ Աղա Չէլէպեանի կողակից Համասփիւռի բարերարութեամբ։ Պէզճեան կառուցանեց նաեւ Պէզճեան վարժարանի շէնքը։ Սակայն, դժբախտաբար աշակերտութեան չգոյութեան պատճառաւ այժմ դադրած է իբրեւ վարժարան ծառայելէ։ Եկեղեցին 1851ին կրկին նորոգուեցաւ։ Այժմ եկեղեցին կը շարունակէ գործել, հակառակ որ թաղին մէջ սակաւաթիւ հայեր մնացած են։
Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը եղած է 2000 թուին, օծուած եւ պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են բարերարներ՝
Համետագործ Յակոբ Աղա Վարդերեսեան՝ վախճանած 1877ին՝ 72 տարեկանին,
Եկեղեցւոյ աշխատաւոր Մարգար Բենտիրեան՝ վախճանած 1868ին
Յովհաննէս Քիւրքչիւպաշեան՝ վախճանած 1879ին

Քարտէս