ՀԱՇՈՒԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաւէրով 11 Սեպտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 19.00-ին մեր համայնքի հաշուի մասնագէտներ, ելմտական խորհրդատուներ ու հաշուապահներ մէկտեղուեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Սոյն հաւաքին նկատի առնուեցաւ…

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Վերամուտ է կրկին:   Դպրոցական տարին վերսկսաւ ջերմ խանդավառութեամբ, յուզումներով ու անուշ եռուզեռով: Մարտահրաւէրը նոյնն է միշտ. Կարողանալ աւանդել սերունդէ սերունդ մեր մարդկայինն ու ազգային արժէքները՝ լեզու, կրօնք, մշակոյթ, տոհմային…

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՂԹԱՄԱՐ

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ   Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին՝ 8 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի առաւօտ։   Անցեալ Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբեր 2019,…

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան իր հետն ունենալով Պատրիարքարանի Դիւանապետ՝ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, 5 Սեպտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 14.30-ին այցելեց Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան մօտ…

ԼԻՈՆՍ ՔՈՒԼԻՒՊԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Նախկին Պէշիկթաշի Լիոնս Քուլիւպի վարչայիններէն Ալի Պէրքէր Պիլիր, Օյա Կէնչ եւ Մելքոն Նէվշէհիրլի, 3 Սեպտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի…

ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 1 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի առաւօտ, հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ, Ներսէսեան Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 162րդ եւ վերակազմութեան 37րդ տարեդարձները նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր….

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ԲԱՐՁՐ. Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան 30 Օգոստոս 2019, Ուրբաթ օդային ճամբով մեկնեցաւ Մայրաքաղաք՝ ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը Հանրապետութեան Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի հրաւէրով եւ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու մեր համայնքի անդամներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ 30 Օգոստոս 2019, Ուրբաթ, Յաղթանակի Տօնին առթիւ Պատրիարքարանը փակ պիտի ըլլայ։   ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

ՊԱՐԹԵՒ «ՄԵՍՐՈՊԱՇՈՒՆՉ» ԵՐԳԵՐՈՎ ԽԱՆԴԱՎԱՌԵՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Պոլսոյ ամենասիրուած ու յայտնի երգիչներէն Սահակ Պարթեւ Կարեան իր մօտն ունենալով տաղանդաւոր երաժիշտ՝ Ռոպէր Տօղանայը եւ երիտասարդ երաժիշտ՝ Ռաֆֆի Տէր Գէորգեանը, 28 Օգոստոս 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 21.30-ին, Գնալը Կղզիի Ս….

«ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ՝ ԱՆԼՌԵԼԻ ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՈԳԵՒՈՐԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻՆ

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 27 Օգոստոս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 21.30-ին տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս Վարդապետ՝ Անլռելի Զանգակատուն» ներկայացումը, որ դարձաւ բացառիկ հանդիսութիւն մը։ Հանդիսութեան կը նախագահէր Պատրիարքական Տեղապահ…