ԱՂՕԹՔ ՎԱՍՆ ԱՆՍԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐԻՆ ՄԵՐՈՅ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ, Թուրքիոյ մէջ պատահած վերջին իրադարձութիւններուն առթիւ, 17 Յուլիս 2016, Կիրակի օր մեր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք պիտի կատարուի Թուրքիոյ Հանրապետական…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՄԱՍԻՆ Ն.Ա.Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Վերջերս, Գերմանիոյ Խորհրդարանի կայացուցած որոշումին կապակցութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր.Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ էրտօղանի յղուած նամակին պատճառով յառաջացած էին հակազդեցութիւններ։ Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԱՄԱԿԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 6 Յունիս 2016, Երկուշաբթի, Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի ուղարկած նամակով անրդադարձաւ վերջերս Գերմանիոյ Խորհրդարանի մէջ ընդունուած օրինագիծին։ Ստորեւ կը…

ՖԱԹԻՀԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ֆաթիհի Քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիր, 16 Մայիս 2016, Երկուշաբթի, միջօրէին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան հրաւէրով, մեծայարգ քաղաքապետը հիւրընկալուեցաւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԴՍՏԵՐ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի յատուկ հրաւէրով, 14 Մայիս 2016, Շաբաթ, պիտի մասնակցի Վսեմաշուք Նախագահին սիրելի դուստր Սիւմէյյէ Էրտօղանի եւ Սէլչուք…

ՕՍՄԱՆԼԸ ՕՃԱՔԼԱՐԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 21 Ապրիլ 2016, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, «Օսմանլը Օճաքլարը» Միութեան երիտասարդաց յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ Ատենապետ՝ Մուսթաֆա Քէմալ Էրէնի։ Այցելուներ, յայտնեցին…

ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒՄԸ ՔԱՋԵԼԵՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ ՄԵԿՏԵՂՈՒԵՑԱՆ

Պաքըրգիւղի Քաղաքապետութեան ու «Hayata Bağış » Միութեան կազմակերպութեամբ, 14 Ապրիլ 2016, Հինգշաբթի, Պաքըրգիւղի Եունուս Էմրէ Մշակոյթի Կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որուն նպատակն էր քաջալերել «Ներքին Գործարաններու Նուիրաբերման» գաղափարը։…

ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԸ

Շիշլիի Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, իր հետ ունենալով նորանշանակ խորհրդական՝ Սիրան Սուրքին, 6 Ապրիլ 2016, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, Ս. Զատկի շնորհաւորական այցի փութաց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ….

ՍԻՎՐԻՀԻՍԱՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Սիվրիհիսարի Քաղաքապետ Համիտ Եիւզիւկիւլլիւ, 31 Մարտ 2016, Հինգշաբթի, ժամը 14.00ին, փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Յարգելի քաղաքապետը փափաքած…

ՄԵՀՏԻ ԷՔԷՐԻ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Նախկին նախարար Մէհտի Էքէր, Ս. Զատկի առթիւ, ժամը 14.15-ին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Յարգելի հիւրը, Պատրիարքարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ համայնքի…