ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հանրապետութեան Տօնի առթիւ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի սարքած ընդունելութեան մասնակցելու համար. 29 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, Անգարա կը մեկնի։ Սոյն ընդունելութեան,…

ԱՀՄԷՏ ԱՊՊԱՍՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ալէվի Մշակութային Միութեանց Պաքըրգիւղի Մասնաճիւղի Նախագահ Իսմէթ Ապպասօղլու, ընկերակցութեամբ ՃՀԲ-ի Ստանպուլի շրջանային վարչութեան ատենապետի օգնական՝ Էքրէմ Արսլան, ՃՀԲ-ի Ստանպուլի շրջանային վարչութեան ատենապետի օգնական՝ էսին Կիւնէշ Էրքօնաք եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետի օգնական…

ԳԵՐՄԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Գերմանիայէն աշակերտներու խումբ մը, 22 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, ժամը 11.30-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Հիւրերը, եկած էին ծանօթանալու համար Պատրիարքարանին։ Անոնք,…

ՊԱՐԹԵՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Համայնքիս ծանօթ երգիչներէն՝ Պարթեւ Կարեան, ընկերակցութեամբ Մարի Աքպաշի, 22 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Պարթեւ տեղեկացուց թէ,…

ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ, 16 Հոկտեմբեր 2015, Ուրբաթ, ժամը 15.00-ին, տեղի ունեցաւ Temel İlkeleriyle Hristiyanlık (Հիմնական սկզբունքներ Քրիստոնէական Կրօնի) գիրքին շնորհահանդէսը։ Սոյն հանդիսութիւնը, ունէր պատմական եւ եզակի բնոյթ, քանի որ…

ՔԷՄԱԼ ՔԸԼԸՃՏԱՐՕՂԼՈՒ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

«Ճումհուրիյէթ Հալք» Կուսակցութեան նախագահ Քէմալ Քըլըճտարօղլու 15 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, Եշիլգիւղի Չընար Հիւրանոցին մէջ հանդիպում ունեցաւ քաղաքիս փոքրամասնութեանց հոգեւոր պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ։ Սոյն հանդիպումին մասնակցեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր….

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ «ՊՈԼԻՍ» ԽՈՒՄԲԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Համահայկական Խաղերու մասնակից «Պոլիս» Խումբի կազմակերպիչներէն՝ Ատենապետ՝ Հայկարամ Քարասու, Կարօ Համամճեան եւ Շահնուր Քազանճը, 14 Հոկտեմբեր 2015, Չորեքշաբթի այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի…

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ստանպուլի Ապահովութեան Տնօրէնի Օգնական՝ Ճէնկիզ Տէմիրճան, Ֆաթիհի Ապատովութեան Տնօրէն՝ Հաքան Եըլմազ եւ Մուհիտտին Եէթիշ, 14 Հոկտեմբեր 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 10.30-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր….

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽՈՐԴ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԵՀՏԻ ԷՔԷՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երկրագործութեան նախորդ Նախարար՝ Մեհտի Էքէր, 12 Հոկտեմբեր 2015, Երկուշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան ի ներկայութեան, Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի եւ եւ համայնքային հաստատութիւններու…

ԶԱՐՈՒՀԻ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հանգուցեալ գեղանկարիչ Սարգիս Մուրատեանի դուստրը՝ Զարուհի Մուրատեան, ընկերակցութեամբ Փարոս Ամսաթերթի Խմբագրապետուհի Մայտա Սարիսի, 9 Հոկտեմբեր 2015, Ուրբաթ, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։…