Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը 21 Ապրիլ 2019, ժամը 15.00-ին Ս. Զատկուան Տօնի առթիւ, համայնքային եւ թաղային մարմիններու շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի կից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան…

ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է մերազն ժողովրդեան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Շնորհազարդ Պատրիարք Հօր վախճանման առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս սահմաններէն ներս, ազգային-եկեղեցական սուգ…

ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԵՐԱԶՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԵՐԱԶՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ   Ծանօթ է բոլորիս, թէ՝ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 Մարտ 2019, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ…

ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՍՈՒԳ ՄԻՆՉԵՒ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Բ. Շնորհազարդ Պատրիարք Հօր վախճանման առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս սահմաններէն ներս, ազգային-եկեղեցական…

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան այս օրերուս կը գտնուի Տիգրանակերտ, կիսաւեր դարձած Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն համար, զոր պիտի կատարուի պետութեան կողմէ։ Երբ, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարքի…

ՀԱՆԳԻՍՏ Ն.Ա.Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՍՐԲ. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ

ՀԱՆԳԻՍՏ Ն.Ա.Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՍՐԲ. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ   Այսօր, 8 Մարտ 2019, Ուրբաթ ժամը 12.15ին իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 84րդ Գահակալ Ն.Ա.Տ….

ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ԱՅՑԵԼԵՑ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան 4 Փետրուար 2019, Երկուշաբթի այցելեց Մայրաքաղաք՝ Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնը, որուն կþընկերանար Մայր Աթոռոյ միաբաններէն Գերպտ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, սոյն…

ԷԼԱԶԸՂԻ ՈՒ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ

Ս. Ծննդեան Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Աթոռոյս Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի եւ Բրշ….

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄՈՒՏՔԻՆ ՆՈՐ ԽԱՉՔԱՐԵՐ ՏԵՂԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

Պատրիարքարանի շքամուտքի երկու կողմերուն Ս. Ծննդեան Տաղաւարի նախօրեակին զետեղուած էին Խաչքարեր, որոնք 9 Յունուար 2019, Զորեքշաբթի օծուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի ձեռամբ։ Սոյն Խաչքարերը պատրաստուած էին…