ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 30 Դեկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհրդոյ անդամները առաջնորդութեամբ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի…

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։   Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, իր հետն ունենալով Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ…

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մխիթարեան Միաբանութեան Ս. Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ մէջ, 24 Դեկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, ձեռամբ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներէն՝ Գերպ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չոփուրեանի։ Սոյն…

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ ԸՆՏՐԵԱԼ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԱԶՄՈՒԱԾ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հօր գահակալութեան եւ յաջորդին մատուցանելի Պատրիարքական անդրանիկ Ս. Պատարագի հանդիսութեանց կապակցութեամբ կազմուած յանձնախումբը իր անդրանիկ նիստը գումարեց  20 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 19.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ,…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը յետ ընտրութեան պիտի ընդունի Համայնքային Մարմիններու ու Թաղային Խորհուրդներու եւ Յարակից Մարմիններու, Դպրաց Դասերու եւ Սանուց Միութեանց, Հայրենակցական Միութեանց…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Հօր Գահակալութեան ու Պատրիարքական Անդրանիկ Ս. Պատարագի արարողութիւնները տեղի կ՚ունենան ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցի՝   Ա. Գահակալութիւն՝ 11 Յունուար 2020, Շաբաթ երեկոյեան…

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ն. Ա. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, 13 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ….

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Ընտրեալ Պատրիարք, 13 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.00ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի,…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը յետ ընտրութեան Քոյր Եկեղեցիներու եւ քաղաքական գործիչներու ներկայացուցիչներու շնորհաւորութիւնները՝ 17 Դեկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը՝ 10.00էն 17.00ի ընթացքին Պատրիարքարանի Դահլիճին…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Նորակազմ Կրօնական Ժողովը, նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝ ՆԱ.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Եպիսկոպոսի գումարուեցաւ 12 Դեկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ։   Ժողովը բացուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։ Ապա ձեռնարկուեցաւ…