Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը 6 Յունուար 2019, ժամը 15.00-ին Ս. Ծննդեան Տօնի առթիւ, համայնքային եւ թաղային մարմիններու շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի կից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան…

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Հոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ, ժամը 16.00ին։   Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասը հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս….

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ  ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ  

ԹՀՊ Երիտասարդաց Յանձնախումբի անդամները 24 Դեկտեմբեր 2018, Երկուշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, առաջնորդութեամբ յանձնախումբի ատենապետ Արի Չօլաքի, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Սոյն հանդիպման…

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2018, Երեքշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ….

ՄԱՀ ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք համայնքիս անուրանալի արժէքներէն, լուսանկարի աշխարհահռչակ վարպետ Արա Կիւլէրի մահուան բօթին։ Ան մէկ դարու իր կեանքի ընթացքին եղաւ իսկական գագաթնակէտ մը մամլոյ լուսանկարչութեան եւ ստեղծագործ լուսանկարչութեան բնագաւառներուն…

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ յառաջիկայ Կիրակի՝ 29 Յուլիս 2018, Կիրակի Ստանպուլի Եկեղեցիներուն մէջ Հանգստեան աղօթքով պիտի յիշուին այն հոգիները, որոնք Յունաստանի անողորմ հրդեհի ընթացքին ի…

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները 12 Յուլիս 2018, Հինգշաբթի, 10.00-ին առաջնորդութեամբ ատենապետ` Եսայի Տէմիրի այցելեցին Պատրիարքարան և ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Անոնք…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀԵՀԵՄԻ

Նախապէս հանրութիւնը տեղեակ պահած էինք, թէ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) այս տարուան հաւաքին կը մասնակցէր նաեւ Ստանպուլահայ խումբ մը։ Հաւաքը, որ 4-8 Յուլիս 2018 թուականներուն միջեւ Ծաղկաձորի մէջ…

ԱՂԹԱՄԱՐԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս յայտնի է մերազն ժողովուրդին, 2010 թուականէն սկսեալ կը կատարուին Աղթամարայ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ուխտագնացութիւնները։ Վերջին երեք տարիներու ընթացքին ընդհատուած էին սոյն ուխտագնացութիւնները՝ ապահովութեան պատճառաւ։ Այս տարի կրկին կատարուած է…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԵՀԵՄԻ

Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կողմէ  այս տարի 4-8 Յուլիս 2018 թուականներուն միջեւ Ծաղկաձորի մէջ տեղի կ՚ունենայ համահայկական երիտասարդական հաւաք մը՝ «Դէպի Հայրենիք, դէպի Սուրբ Էջմիածին» թէմայով։ Սոյն հաւաքին…