ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ԱՅՑԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 12 Յուլիս 2019, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, ընդունեց Կէտիկփաշայի Զուարթնոց Դպրաց Դաս եւ Երգչախումբի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Դասուն Նախագահ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի։  …

ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ՝ ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի Տօնին, 11 Յուլիս 2019, Հինգշաբթի առաւօտ, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ…

ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ Ս. ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, 11 Յուլիս 2019, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, առաջնորդութեամբ Եկեղեցւոյ այցելու երէց՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեանի այցելեցին Գնալը Կղզիի Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական…

ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս տեղեակ են մերազն ժողովուրդի անդամները, 4 Յուլիս 2019, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին Եկեղեցականաց Համագումար Ժողով գումարուած եւ «Պատրիարքական Տեղապահ»ի  ընտրութիւն կատարուած էր։   Այսպիսով սկսած կը համարուէր Թուրքիոյ Հայոց 85րդ…

ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Էյուպի Նշանճա թաղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, 9 Յուլիս 2019, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, առաջնորդութեամբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեանի եւ գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝…

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութենէն անմիջապէս ետք, համայքային մարմիններ սկսան այցելութիւններ տալով շնորհաւորել Պատրիարքական նորընտիր Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը։   Այսպէս անդրանիկ այցելութիւնը կատարեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային…

ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍ.Ի ԱՅՑԸ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան 8 Յուլիս 2019, Երկուշաբթի, ժամը 13.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Հիւր Սրբազան Հայրը,…

ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ

1600 եւ աւելի տարիներ առաջ Հայ Եկեղեցւոյ երկու մեծ §վարդապետ¦ները՝ Սահակ Կաթողիկոսն ու Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը գլուխ գլխի տուին եւ երկար խորհրդակցեցան համայն ժողովուրդի դարերու ցաւին վրայ։ Ժողովուրդը դարաւոր մշակոյթ…

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 5 Յուլիս 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին գումարուեցաւ նախագահութեամբ՝ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեանի։ Նկատելով, ժողովի ատենապետին Պատրիարքական Տեղապահի պաշտօնին ընտրուած ըլլալու պարագան,…