ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներէն՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարք այս տարի եւս յիշատակուեցաւ իր վախճանման տարեդարձի առթիւ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 13 Փետրուար 2016 Շաբաթ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԹԻՒ ՄԵԿՏԵՂՈՒԵՑԱՆ

Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրեր, Պատրիարքարանի սեղանատան մէջ Բարեկենդանի առթիւ սիրոյ սեղանի շուրջ հաւաքուեցան, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։ Ընթրիքի նպատակն էր վերակենդանացնել վանական նախկին սովորութիւն մը՝…

ՄԵԾ ՊԱՀՔ 2016

Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրերը, Մեծ Պահոց շրջանին պիտի այցելեն ու պիտի քարոզեն զանազան եկեղեցիներու մէջ։ Սոյն ցանկը կը ներկայացնէ քարոզիչներն ու եկեղեցիները։ (Յարկաւոր պարագաներուն կարելի է փոփոխութիւններ ըլան)

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 2 Փետրուար 2016, Երեքշաբթի առաւօտ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, իր շուրջն…

ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արք, Աթէշեանի հրաւէրով 31 Դեկտեմբեր 2015 Հինգշաբթի օր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական ընդհանուր Համագումար,…

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԻՐ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ՊԻՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԻ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, 29 Յունուար 2016, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի…

ԱՄՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Իսկ 24 Յունուար, Կիրակի, ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմի մէջ, հոգեւոր հանդիսութեանց կատարումով յիշատակուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյս Երանաշնորհ գահակալներէն՝ Տ. Շնորհք Ս. Պատրիարքը, իր վախճանման 25ամեակին առիթով։ Արամ Արքեպս. պատարագեց ու քարոզեց Լոս…

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան առիթով, 23 Յունուար 2016, Շաբաթ, ժամը 18.00-ին, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք։   Արարողութեան հանդիսապետեց ու քարոզեց Պատրիարքական Աթոռոյ Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժանմունքի…

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ ժամը 15.00-ին, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, Պատրիարքարանի մէջ։ Սրբազան Հայրը, Նոր Տարուայ առթիւ իր խօսքերուն մէջ…

ԷՅԻՒՊԻ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Էյիւպի Ս. Եղիա Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 13 Նոյեմբեր 2015, Ուրբաթ, ձեռամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան քահանայ հայրեր։ Ժամը 16.00-ին, Նորին…