ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՇԱՀԱՆ Ս. ԱՐՔԵՊՍ. ՍՎԱՃԵԱՆԻ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամ, Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Ս. Եկեղեցեաց բազմամեայ քարոզիչ՝ Տ. Շահան Ս. Արքեպս. Սվաճեանի վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնները տեղի ունեցան 1 Հոկտեմբեր 2013,…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը իր աշխատանքին սկսաւ 24 Սեպտեմբեր 2013, Երեքշաբթի, Մայռ Աթոռ Ս. Էջմնածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի…

ՀԱՆԳԻՍՏ ՏԷՐ ՇԱՀԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ՍՎԱՃԵԱՆ

Վաթսունամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, երբեմնի Տեսչին Հայոց ի Հայֆայ եւ ի Եաֆայ որպէս միաբան Ս. Յակոբեանց Առաքելական Ս. Աթոռոյն յԵրուսաղէմ եւ Տեսչին Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանուց, երբեմնի…

ԱՐԱԲԿԻՐՑԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԾՆՆԴԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ

Ստանպուլաբնակ խումբ մը Արաբկիրցիներ, այս տարի եւս այցելեցին իրենց ծննդավայրը։ Այցելութեան առիթով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց աւագերէց՝ Արժ. Տ. Միւռոն Ա….

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն յետոյ, ուխտագնացութեան երկրորդ կայանը եղաւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին, ուր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ  տեղի ունեցան եկեղեցական…

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Անցեալ 8 Սեպտեմբեր 2013, Կիրակի առաւօտ մատուցուած Ս. Պատարագով Աղթամարի ուխտագնացութիւնը իր աւարտին հասաւ։ Արարողութեանց մասնակցեցան Ստանպուլէն եւ արտասահմանէն Վան ժամանած ուխտաւորներ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ…

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՍԵԲԱՍՏԻԱ

Պատկառելի Կրօնական ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Սեբաստացիներու Միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ուխտագնացութեան մասնակցելու համար, 05 Յուլիս 2013, Ուրբաթ առաւօտ մեկնեցաւ Սեբաստիա։ Մօտաւորապէս 250 Սեբաստացիներէ բաղկացեալ խումբը, երէկ…

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնները տեղի ունեցան 7 Յուլիս 2013, Կիրակի, Պայծառակերպութեան Տաղաւարին, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Կորիւն Քհնյ….

ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ԱՂՕԹԱՐԱՆ ՄԱՏՈՒՌԸ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Մալաթիոյ Հայոց Գերեզմանատան աղօթարան մատուռը 29 Յունիս 2013, Շաբաթ երեկոյ կատարուած արարողութեամբ պաշտամունքի բացուեցաւ։ Այս առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ Ուրբաթ առաւօտ օդային ճամբով…

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾԻՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, 25 Յունիս 2013, Երեքշաբթի, առաւօտ օդային ճամբով  կը մեկնի Անթիլիաս, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական Յանձնախումբի ժողովին մասնակցելու համար։…