ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻ ԱՅՑԸ

Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, 3 Դեկտեմբեր 2014, Չորեքշաբթի, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ…

ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ – 30 Հոկտեմբեր 2014, Հինգշաբթի

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, իր կողքին ունենալով Պատկ, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ՝  Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, Բ. Ատենապետ՝ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանը, Ատենադպիր՝…

«ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆ»Ի ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆԻՆ

Համայնքիս հանրածանօթ երգիչներէն Սահակ Պարթեւ Կարեան, այս տարի կը բոլորէ իր երաժտական գործունէութեան 35-ամեակը։ Ան, երկար տարիներ իր կատարած երաժշտութեամբ ծանօթացուցած է Հայ Երգը եւ լայն ընդունելութիւն գտած՝ համայնքի անդամներէն։…

ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԴԱՍՈՒՆ, ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՈՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏԱՌՄԱՆ

Այսու կու գանք տեղեկացնել, թէ արտաքոյ քաղաքի եւ արտերկրեայ ճանապարհորդութեանց բերումով մեր բացակայութեան պարագաներուն, մինչեւ մեր վերադարձի թուականը, Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը լիազօրած ենք Պատրիարքարանի ընթացիկ գործերը վարելու պաշտօնով։…

ՀՐԱՒԷՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ

Հաւատացեալ ժողովուրդին կը ծանուցանենք թէ Վաղը առաւօտ, 24 ԱՊՐԻԼ 2014, ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ մէջ Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի մասնակցութեամբ Պատրարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասու։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, ի Տէր ննջած…

Ս. ԶԱՏԿԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Քոյր Քրիստոնեայ յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, համայնքային եւ թաղային մար-մինները, դպրաց դասերը, միութիւնները եւ մերազն ժողովուրդէն փափաքողներ Ս. Զատկի շնոր-հաւորական այցելութեան կը մասնակցին 20 Ապրիլ 2014, Կիրակի, ժամը 15.00ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ…

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ

Ս. Զատկի Տօնին առիթով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, վաքըֆներու եւ միութիւններու Տիկնանց Կազմերը հաւաքաբար կþընդունի 22 Ապրիլ 2014 Երեքշաբթի, ժամը 15.00ին, Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ։

ԿՈՉ ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՑ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ

Ինչպէս երկար ժամանակէ ի վեր կը հետեւինք մամուլէն, Սուրիոյ ներքին քաղաքական ձգտեալ կացութեան հետեւանքով, այլոց կարգին տուժած են նաեւ մերազն ժողովուրդի զաւակներ։ Թուրքիոյ Պետութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած էր օժանդակել այլ ապաստանողներու…

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Սարաֆեանի, 1 Ապրիլ 2014, Երեքշաբթի, այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այցելուները…

ՀԱՆԳԻՍՏ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԿՈՄԻԿԵԱՆ

Երեսունեւեօթնամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, երբեմնի հոգեւոր հովուին Հալըճըօղլուի Ս. Ստեփանոս, Ազգային Հիւանդանոցի Ս. Փրկիչ, Գումգաբու Դուրսի Ս. Յարութիւն, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողոմէոս, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս, Ենիգիւղի Գիւտ…