ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ՝ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՌԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՕՂԱՆԻ, 24 ԱՊՐԻԼ 2015ԻՆ ՈՒՂԱՐԿԱԾ ՊԱՏԳԱՄԸ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի, 24 Ապրիլ 2015ին ուղարկած պատգամին Հայերէն թարգմանութիւնը կը ներկայացնենք։ Յարգելի Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ, Այս օրը, յատուկ նշանակութիւն մը ունի մեր…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ – 24 ԱՊՐԻԼ 2015

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ Մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսը կը շարունակէ ջերմացնել մեր հոգիները։ Սուրբ Յարութեան աւետիսը այն կենարար աւիշն է, որով կը պատուաստուինք անմահութեան եւ…

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը ծանուցանենք թէ, 24 Ապրիլ 2015, Ուրբաթ, Ի. Օր Յինանց, Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ կը յիշատակուին 1915ի տեղահանութեան վասն հաւատոյ զոհուած եւ նորոգ սրբադասեալ նահատակները։ Ս….

ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է

28 Մարտ 2015 ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է Վերջերս կարգ մը լրատուական հաղորդումներու մէջ տեղ կը տրուին լուրի մը, որ դժբախտաբար իրականութեան չի համապատասխաներ։ Հարցը առընչուած է որպէս թէ հայազգի անհատներու…

ՄԵԾ ՊԱՀՔ 2015

Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրերը, Մեծ Պահոց շրջանին պիտի այցելեն ու պիտի քարոզեն զանազան եկեղեցիներու մէջ։ Սոյն ցանկը կը ներկայացնէ քարոզիչներն ու եկեղեցիները։ (Յարկաւոր պարագաներուն կարելի է փոփոխութիւններ ըլան)

ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Վաքըֆներու Խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, ընկերակցութեամբ Համայնքային Վաքըֆներու Ներկայացուցչական Գրասենեակէն (Cemaat Vakıfları Temsilciliği Ofisi) Մութէպէր Եըլմազճանի, 5 Փետրուար 2015, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔԷՄԱԼ ՔԸԼԸՉՏԱՐՕՂԼՈՒԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, ՃՀՓ Կուսակցութեան նախագահ՝ Քէմալ Քըլըչտարօղլուի հրաւէրով, 26 Յունուար 2015, Երկուշաբթի, միջօրէին, մասնակցեցաւ Սաիտ Հալիմ Փաշա Ապարանքի մէջ սարքուած ճաշկերոյթին։ Սոյն ճաշկերոյթին նպատակն…

ՄԻԱՑԵԱԼ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ, ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ ՉՈՐՍ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Միացեալ Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 304րդ, իսկ երգչախումբի կազմութեան 100-ամեակը հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ 25 Յունուար 2015, Կիրակի, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս….

ԿԱՊՈՅՏ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի «Կապոյտ Հրեշտանկներ» անուանեալ տիկնանց կազմի անդամները, 22 Յունուար 2015, Հինգշաբթի, ժամը 11.00ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։ Տիկիններ,…

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Մօնիքա Շըմութզ Քըրկէօզ, 9 Դեկտեմբեր 2014, Երեքշաբթի, միջօրէին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան հրաւէրով, մեծայարգ…