Լուրեր

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅՃԱՐԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Մայիս 2021, Երկուշաբթի, ժամը 12.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) վարչութենէն ատենապետ Կիւլիւզար Արթուչը, Գէորգ Էօզքարակէօզը, Եսթէր Հապէշը, Սէրտա Պիրկիւլը…

ԳԱՐԹԱԼԻ Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԱՀԱԿՕՂԼՈՒԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Համայնքային շրջանակներէ ներս, 12 Մայիս Չորեքշաբթի առաւօտ մեծ յուզում պատճառեց Գարթալի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ժրաջան ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլուի մահուան լուրը։ Թէ՛ վարչական կեանքէ եւ թէ եկեղեցական շրջանակներէ ներս,…

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Համբարձման Տօնը այս տարի եւս տօնուեցաւ թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներու շուքին տակ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Համբարձման տօնը կը զուգադիպի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի տարեկան տօնախմբութեան, սակայն համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ, ինչպէս…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Մայիս 2021, Հինգշաբթի, ժամը 15.30-ին այցելեց Յունաց Պատրիարքարան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի եւ Արժ. Տ. Ներսէս…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի եւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանի, 6 Մայիս 2021, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին այցելութիւն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր հետ ունենալով Գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 5 Մայիս 2021, Չորեքշաբթի, առաւօտ մեկնեցաւ Անգարա, մասնակցելու համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի…

ՅՈՅՆԵՐՆ ՈՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ ԵՒՍ ՏՕՆԵՑԻՆ Ս. ԶԱՏԻԿԸ

Ինչպէս ծանօթ է, Յոյն եւ Ասորի եկեղեցիները Ս. Յարութեան Տաղաւարը կը տօնեն ըստ հին տոմարի։ Յուլեան տոմարի Ս. Զատիկը այս տարի կը զուգադիպէր 2 Մայիս, Կիրակիի։ Ըստ աւանդութեան՝ Յոյն Եկեղեցւոյ…

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկ. Կրօնական Ժողովը 3 Մայիս 2021, Երկուշաբթի ժամը 16.00-ին համացանցի վրայ գումարուեցաւ նախագահութեամբ Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Ժողովական Հայրերը օրակարգի վրայ ունեցան վերջին օրերս…

ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վախճանման Բ. տարելիցին առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ հրատարակուեցաւ յուշամատեան մը։ Հատորը կը բացուի Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի մեծադիր լուսանկարով,…

ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏԱՌՄԱՆ

Ծանօթ է, թէ համավարակի պատճառաւ երկրի առողջապահական պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներով կատարուած սահմանափակումները կը շարունակուին ներկայիս։ Այս սահմանափակումներու կարգէն ըլլալով 29 Ապրիլ 2021, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-էն մինչեւ 17 Մայիս 2021, ժամը…

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆԻ 24 ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԹԻՒ ՈՒՂԵՐՁԸ

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՕՂԱՆԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԱՄԵՆ. Տ.ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՈՒՂԱՐԿԱԾ ՊԱՏԳԱՄԸ Ամենապատիւ Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Հայ համայնքի թանկագին անդամներ, Թանկագին հայրենակիցներս, Ձեզ կ՚ողջունեմ…

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 10 Ապրիլ 2021, Շաբաթ ժամը 12.00-ին համացանցային դրութեամբ գումարուեցաւ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Սոյն արտակարգ նիստին նկատի առնուեցաւ ՔՈՎԻՏ-19 Ժահրի համավարակի սաստկացման պարագաները, որ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԵՒ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ ԱՄՈԼԻՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Արդարութեան Նախարար Մեծայարգ Ապտիւլհամիտ Կիւլի մայրը՝ Սալիհա Կիւլ, մահացաւ 9 Ապրիլ 2021, Ուրբաթ օր։ Այս առթիւ, Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, Նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլին ցաւակցագիր ուղարկելով, յանուն…

ԱՍՈՐՒՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Ապրիլ 2021, Հինգշաբթի, ժամը 15.30-ին, հիւրընկալեց Ստանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի Ասորւոց Առաջնորդ եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը, որուն կ՚ընկերանար Ասորի Պատրիարքական…