Լուրեր

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ «ՄԱՐՄԱՐԱ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Յունուար 2020, Երեքշաբթի, «Մարմարա» Օրաթերթի խմբագրապետ եւ Պոլսահայ հանրածանօթ մտաւորական՝ Ռոպէր Հատտէճեանը շնորհաւորեց, իր ծննդեան 95 ամեակին առթիւ։ Պատրիարք Հայրը, ողջունելով Ռոպէր Հատտէճեանի տարեդարձը,…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ եւ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առողջական հարցերու կապակցութեամբ համացանցի վրայ կարգ մը լսումներու հրապարակման կապակցութեամբ, ստորեւ կը տրուի Պատրիարքական Աթոռի լուսաբանութիւնը։…

ԱԹՈՌՈՅՍ «ՄԷՆԹԻ-ՄԷՆԹՕՐ» ԾՐԱԳՐԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան Նախագահութեան Դիւանապետներէն՝ Հասան Տօղանի հիւրընկալութեամբ, 22 Յունուար 2021, Ուրբաթ, ժամը 13.30-ին, Հայ, Յոյն, Ասորի եւ Հրեայ համայնքներէ երիտասարդներ հիւրնկալուեցան Հանրապետական Համալիրին մէջ։ Սոյն հանդիպման յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս մասնակցեցան, Պատրիարքական…

ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, 20 Յունուար 2021, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հիւրին…

ՊՐՈՒՍԱՅԻ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԷՆՔԻ ՄԸ ՎԱՃԱՌՔԻ ՀԱՆՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Համացանցային էջերէն ցաւով տեղեկացանք թէ, վերջերս Պրուսայի մէջ եկեղեցւոյ շէնք մը վաճառքի հանուած էր։ Ինչպէս ծանօթ է Անատօլուի հողերուն վրայ գտնուող բոլոր աղօթատեղիները մեր երկրին մշակութային հարստութիւններն են։ Գործօն եկեղեցիներ,…

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Յունուար 2021, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պատրիարքութեան Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ՝ Յանձնախումբի Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլի։ Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով նուազ թիւով անդամներ…

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Նոր Տարուայ սեմին հասանք։ Մէկ տարի եւս աւելցաւ անցնող հազար ամեակներու վրայ: 2020-ը եղաւ մարդկային պատմութեան խստաշունչ ձմեռներէն մէկը, դոհ ու բոհ պատճառելով բոլոր սիրտերուն: Մենք որ չենք սիրեր ժամանակի…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

Այսու, կու գանք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել, թէ պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն զուգահեռ Ամանորեան ու 2021 տարուան Ս. Ծննդեան առթիւ եղած են հետեւեալ տնօրինումները. Ա. Նկատի ունենալով արգելափակումները, 31 Դեկտեմբեր…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՕՐԱՑՈՅՑԸ

Ինչպէս անցեալ տարիներ, այս տարի եւս Պատրիարքական Աթոռը հրատարակեց 2021ի “Եկեղեցական Օրացոյց”ը։ “Եկեղեցական օրացոյց”ը կը պարունակէ եկեղեցական մեր բոլոր տօները, շարականները, սուրբգրական ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։ Բաց…

ՕժԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ Համայնքիս անդամներուն աջակցութեամբ՝ համավարակի շրջանին կարoտ ընտանիքներու օժանդակեց հազարաւոր ծրարներով։ Ներկայիս համայնքիս շուրջ 400 ընտանիքները կ’ապրին չքաւորութեան սահմաններուն մէջ, որոնք կանոնաւորաբար կը ստանան իրենց…

ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ

ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ՏԱՐԱԾՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱՒ ԱՌՆՈՒԱԾ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐՈՒ Ծանօթ է թէ Քորոնա Ժահրի Համավարակի պատճառաւ առողջապահական պատասխանատուներու թելադրութիւնները նկատի ունենալով, 1 Յունիս 2020 թուականէն սկսեալ…

ԱՄԵՆ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՏՕԼՄԱՊԱՂՉԷԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը 29 Նոյեմփբեր 2020, Կիրակի, յետ միջօրէի ժամը 16.00-ին Տօլմապաղչէի Հանրապետութեան Նախագահական Գրասենեակին մէջ կայացած ժողովի մը մասնակցեցաւ։ Ժողովը կայացաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Արդարութեան Նախարար՝…