Լուրեր

ԷՅԻՒՊ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Մարտ 2021, Հինգշաբթի առաւօտ,Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Էյիւպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Ատենապետ՝ Արթօ Արմանի։ Այցելուներ, եկեղեցւոյ կալուածներէն միոյն վերջնական վիճակին մասին…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

Ն.Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ գումարուած Պատկ. Կրօնական Ժողովը նկատի ունենալով տիրող համավարակի պայմանները, մօտալուտ Աւագ Շաբթուան առթիւ յետ խորհրդակցութեան որոշեց ստորեւի կարգադրութիւնները ի գործ դնել։ 1….

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

ԱՔՓ Կուսակցութեան 7րդ Ընդհանուր Համագումարը տեղի ունեցաւ 24 Մարտ, Չորեքշաբթի, Անգարայի մէջ։ Յընթացս ժողովոյ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան, կրկին վերընտրուեցաւ որպէս կուսակցապետ։ Բաց աստի, ժողովի ընթացքին, համայնքիս…

ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 24 Մարտ 2021, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց իրաւաբաններ՝ Սեդրակ Տավութհանն ու Սեպուհ Ասլանկիլը։ Այցելուները, համայնքային հաստատութեանց ընտրութեանց մասին վերջերս տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին…

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Ծանօթ է թէ համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարչութեանց ընտրութիւնները աւելի քան ութը տարիէ ի վեր չէին կատարուեր։ Բնականաբար այս սպասումը մտահոգութեան դուռ բացած էր թէ վարչութեանց մօտ եւ թէ համայնքային…

Ա.Մ.Ն.ՈՒ ԱՒԱԳ ԴԵՍՊԱՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Մարտ 2021, Շաբաթ առաւօտ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ա.Մ.Ն.ու Անգարայի մօտ Աւագ Դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը։ Մեծայարգ հիւրին կ’ընկերանային Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Տարիա Տէրնըլ եւ Քէվըն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՅՈՒՆԱՑ ՆՈՐ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Այս շաբթուան մէջ Յունաց Պատրիարքութեան Սէն Սինոտի Ժողովի ընթացքին առնուած որոշումին համաձայն Գատըգիւղի Յունաց Նոր Մետրոպոլիտ ընտրուած էր՝ Ֆրանսայի Էմմանուէլ (Ատամաքիս) Սրբազան Մետրոպոլիտը։ Նորընտիր Մետրոպոլիտին գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, 20…

ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՈՄՍԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՍԱՆ

Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան ծիրէն ներս, համայնքիս կարիքաւոր ընտանիքներու համար յատկացուած 567 զոյգ օժանդակութեան տոմսը, այս շաբաթ հասաւ Պատրիարքարան։ Ինչպէս ծանօթ է, Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի Ատենապետ…

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի, Ս. Քառասուն Մանկանց Տօնի նախօրեակին Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եւ Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիներուն ուխտագնացութիւն կը կատարուի եւ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԻՒԼԷՅՄԱՆ ՍՕՅԼՈՒԻՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ներքին Գործոց Նախարար Մեծայարգ Սիւլէյման Սօյլուի մայրը՝ Սէրվէթ Սօյլուն, մահացաւ 13 Մարտ 2021, Շաբաթ օր։ Այս առթիւ, Ն.Ա.Տ Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը Նախարար Սիւլէյման Սօյլուին ցաւակցագիր ուղարկելով,…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ՝ ԵԱՒՈՒԶ ՍԱԼԹԸՔԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Մարտ 2021, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Հասարակական Ծառայութեան Բաժանմունքի Ատենապետ Եաւուզ Սալթըքը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արժ. Տ. Շիրվան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ 2020-Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմուած Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը կը շարունակէ ծաւալել օգտաշատ գործունէութիւն։ Յանձնախումբի վարիչները Մարտ 2020-էն սկսեալ եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններու եւ…

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄՕՏ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 9 Մարտ 2021, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Ուաշինկթընի մօտ նորանշանակ դեսպանը՝ Հասան Մուրատ Մէրճանը։ Հանդիպման ներկայ եղան Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան…

ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՇԻՐԻՄՆԵՐՈՒ ԱՌՋԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Պատրիարքական Աթոռոյս 82րդ, 83րդ եւ 84րդ գահակալներ՝ Շնորհք Եոզղատցի (Գալուստեան), Գարեգին Բ. Պոլսեցի (Գազանճեան) եւ Մեսրոպ Բ. Պոլսեցի (Մութաֆեան) պատրիարքներ, իրենց վախճանման տարելիցներուն առթիւ, 8 Մարտ 2021, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին,…