Լուրեր

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի, Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ մասնակցեցաւ Մարգար Էսաեանի մահուան քառասնից լրման առթիւ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ կատարուեցաւ հանդիսապետութեամբ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Մէսուտ Էօզտէմիրի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց` Արժ….

ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 28 Նոյեմբեր 2020, Շաբաթ, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյս Լուսարարապետ եւ Դիւանապետ…

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՏԻԱՆԱ ԳԱՄԲԱՐՈՍԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԿՈՂՄԷ…ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՆԱԵՒ ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ… Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 22 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Գալֆաեան…

ՔԱՀԱՆԱՅԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱԲԵՂԱՅԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹՈՌՈՅՍ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

20 եւ 21 Նոյեմբեր օրերը ոգեւորիչ թուականներ դարձան Աթոռոյս տարեգրութեան մէջ, Պատրիարքական Աթոռոյ սարկաւագ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սերովբեանի քահանայական ձեռնադրութեամբ եւ աբեղայական օրհնութեամբ։ ԿՈՉՈՒՄ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ որոշումով եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ…

ԿԱՆՈՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԻ

Պատրիարքական Աթոռոյս Հրատարակչութեան Յանձնախումբը քահանայական ձեռնադրութեան առթիւ լոյս ընծայեց «Կանոն Ձեռնադրութեան Քահանայի» խորագրեալ գրքոյկը, եկեղեցական ու եկեղեցասէր շրջանակներու գործածութեան համար։ Քահանայական ձեռնադրութեան աղօթքներու, սուրբգրական ընթերցումներու եւ շարականներու երգեցողութեան կանոնաւորութիւնը ապահովելու…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՍԵՊՈՒՀ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Նոյեմբեր 2020 թուակիր նամակով ցաւակցութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Մայր Աթոռոյ վաստակաշատ միաբաններէն եւ Գուգարաց Թեմի բազմարդիւն առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ…

ՊԱԼԱԹՈՒ Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի, Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Ս. Պատարագը մատոյց Երէց` Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ….

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄՕՏ ԱՒԱԳ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 12 Նոյեմբեր 2020, Հինգշաբթի, առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի Անգարայի Մօտ Աւագ Դեսպան Էրվէ Մակրոն։ Մեծայարգ հիւրը, քաղաքավարական այցելութիւն տալով օրակարգի նիւթերու մասին հանդիպում ունեցաւ։…

ՀԱՍ ԽԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան կողմէ օրակարգի բերուած եւ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը գրաւած Հաս Խանի հարցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր ուշադրութեան յանձնուած էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը հարցը քննարկելով…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ ՁԻԹԵՆԻ ՏՆԿՈՒԵՑԱՒ

Ծանօթ է թէ՝ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի տնօրինութեամբ, 11 Նոյեմբերը հռչակուած էր, որպէս Ազգային Ծառամշակութեան Օր։ Այս օրուան կապակցութեամբ, Պէյօղլուի Քաղաքապետութեան ծառամշակման պատասխանատուները 10 Նոյեմբեր 2020, Երեքշաբթի, յետ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տարեկան տօնախմբութեան։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ….

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ

Ինչպէս ծանօթ է, 14 Հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12304 համար եւ 26 Հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12311 համար զեկոյցներով, մերազն ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան յանձնուած էր Քորոնաժահրի մասին զգուշացումներ։ Նկատի ունենալով…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Վերջերս կալուածի մը վերաբերեալ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի ու Գարակէօզեան Տան միջեւ գոյացած տարակարծութեան կապակցութեամբ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ 28 Հոկտեմբեր 2020, չորեքշաբթի, ժամը 16.00ին կայացաւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչպէս ծանօթ է, նախկին վարչապետներէն ու Անավաթան Կուսակցութեան նախկին Պետ՝ Մէսուտ Եըլմազ կորսնցուցած է իր կեանքը։ Այս առթիւ, Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը ցաւակցագիրեր ուղարկած է Հանրապետութեան Նախագահ՝…