ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՔԷՕԼՆ ԺԱՄԱՆԵՑ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս, Երեքշաբթի, տեղական ժամով 15.00-ին Քէօլն ժամանեց, ուղեկցութեամբ գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեանի, եւ տեղւոյն Քոնրատ Ատընաուէր օդանաւակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ՝…

Ս. ԿՈՅՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ԵՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԱՆՈՒԱՆ ԶՈՅԳ ՏՕՆԵՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՅՑ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ 15 Օգոստոսի մերձաւորագոյն Կիրակին՝ 14 Օգոստոս 2005։ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարը առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ կը լեցուի գումգաբուցի հաւատացեալներով եւ…

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Ընդառաջելով Մեծ Կղզի բնակող հաւատացեալներու փափաքին, 13Օգոստոս 2005, Շաբաթ առաւօտ, հայածէս Ս. Պատարագմատուցուեցաւ Մեծ Կղզիի Ս. Փաչիֆիքօ Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյմէջ։ Կղզեցի հայեր եւ միւս կղզիներէն ժամանած ուխտաւորներեկեղեցին լրիւ լեցուցած էին։…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ 20-ՐԴ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՕՐՈՒԱՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս 2005,Երեքշաբթի, կը մեկնի Քէօլն, Գերմանիա եւ Իր Աթոռը կըվերադառնայ 22 Օգոստոսի երեկոյեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը Գերմանիա հրաւիրուած է ՄայնցիԵպիսկոպոս եւ Գերման Կաթոլիկ Եպիսկոպոսաց Ժողովի…

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՈԳՇ. Հ. ԶԱՒԷՆ ԱԲԵՂԱՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ

Մայր Աթոր Ս. Էջմիածնի երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Հ. Զաւէն Աբեղայ Յակոբեան 8 Օգոստոս 2005 Երկուշաբթի օր զոհ գնաց երթեւեկի արկածի։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի աղբիւրները խոր կսկիծով տեղեկացուցին որ երէկ,…

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը, 7 Օգոստոս, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի Բարեկենդանին հովուապետական այցելութիւն տուաւ Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ համայնքին։ Նորին Ամենապատուութիւնը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ Ռոպէր Քիւչիւքալթունեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդի…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 31 Յուլիս 2005, Կիրակի, Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեանց նախագահեց։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Պսակ Աւագ Քահանայ Թէզէնլեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՉՈՐՍ ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

27 եւ  28 Յուլիս օրերը ցնծութեան առիթներ եղան ՊատրիարքականԱթոռի  հոգեւոր դասուն եւ Պոլսահայ հաւատացեալ ժողոովուրդին համար։ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր չորս սաները՝ Տրց.Սահակ Սրկ. Պըչաքճեան, Տրց. Սեւան Սրկ. Ճիւանեան, Տրց.Յարութիւն Սրկ….

ԳԵՐՇ. Տ. ՏԻՐԱՅՐ ԱՐՔԵՊԻՍԿ. ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Տիրայր Արքեպիսկ. Մարտիկեան 24 Յուլիս 2005 Կիրակի առաւօտ, յընթացս Ս. Պատարագի, պարգեւատրուեցաւ Պատրիարքական Պատուոյ շքաշանով։ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Գնալը Կղզիի…

ԳԵՐՇ. Տ. ՏԻՐԱՅՐ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԸ ՊԱՏՈՒԱՍԻՐՈՒԻ ԶԲՕՍԱՆԱՒՈՒ ՊՏՈՅՏՈՎ

Պոլսահայութիւնը 22-24 Յուլիսի շաբաթավերջին մեծարեց Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Տիրայր Արքեպս. Մարտիկեանը, որուն ծննդեան 75, վարդապետութեան 50 եւ առաջնորդական պաշտօնին 45-ամեակները կը նշուէին քաղաքիս մէջ։ Այս առթիւ…