ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԹԻՒ ՄԵԿՏԵՂՈՒԵՑԱՆ

Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրեր, Պատրիարքարանի սեղանատան մէջ Բարեկենդանի առթիւ սիրոյ սեղանի շուրջ հաւաքուեցան, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի։ Ընթրիքի նպատակն էր վերակենդանացնել վանական նախկին սովորութիւն մը՝…

ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԿԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԻ ԱՄՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Ս. Արքեպս. Տէրտէրեանի հրաւէրին ընդառաջելով, 21 Յունուար 2016, Երեքշաբթի, օդային ճամբով կը մեկնի ունեցաւ ԱՄՆի…

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով Պատրիարքարանի մէջ պիտի սարքուին հետեւեալ ընդունելութիւնները.- 2 Յունուար 2016, Շաբաթ Մանկանց Խրախճանք Պէզճեան Սրահ, ժամը 15.00 3 Յունուար 2016, Կիրակի Ս. Ծննդեան Համերգ Ֆէրիգիւղ…

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Հոգեւորականաց դասու ամանորեան հաւաքը, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ ժամը 15.00-ին, գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, Պատրիարքարանի մէջ։ Սրբազան Հայրը, Նոր Տարուայ առթիւ իր խօսքերուն մէջ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Պատրիարքարանի անձնակազմը 31 Դեկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ համախմբուեցաւ աւանդական Ամանորի անուշապուրի սեղանի շուրջ։ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս իր…

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Պատրիարքական Ընհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 13 Դեկտեմբեր 2015, Կիրակի մեկնեցաւ Հայաստան։ Սրբազան Հայրը, իր այցելութեամբ պիտի տեսակցի Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթական Նախարարութեան պատասխանատուներու հետ, ի մասին Թուրքիոյ մէջ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու խոր յուզումով մերազն ժողովուրդին կը յայտնենք թէ՝ Էսայեան եւ Կեդրոնական Վարժարաններու երբեմնի ուսուցիչ, յայտնի մտաւորական եւ գրչի մշակ, յօդուածագիր եւ բազմահատոր բանաստեղծութիւններու հեղինակ, Պատրիարքական Աթոռոյս զանազան հրատարակութիւններու աշխատակից՝ ՏԻԱՐ…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԳԱՐԵԳԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԷ ԱՆՏԻՊ ՄԸ ԵՒՍ. «ՍՐԲՈՒՀԻ ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԿՈՅՍԻՆ ԹՌՉՆԻԿՆԵՐԸ»

Պատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատենաշարէն, որպէս տասնըերկրորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի՝ մեծանուն Տրապիզոնցիի «Սրբուհի Սանդուխտ Կոյսին թռչնիկները» ընդարձակ պատմուածքը։ Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք իր այս պատմուածքը գրի…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ ԵՒ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. «ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ» ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ ԵՒ «ՄԵՂԵԴԻ»

Որպէս ծառայութիւն Հայ երգի ու երաժշտութեան, Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ հաստատուեցաւ նոր մատենաշար մը՝ «Համբարձումեան Մատենաշար» եւ հրատարակուեցաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Մեղեդի»։ Նորահաստատ մատենաշարէն լոյս տեսնող առաջին հատորը երիտասարդ երաժշտագէտ՝…

ԱՐԱՄ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀՈԼԼԱՆՏԱ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 8 Նոյեմբեր 2015, Կիրակի, ընտանեկան պարագաները այցելելու համար, մեկնեցաւ Հոլլանտա։ Սրբազան Հայրը, պիտի վերադառնայ 14 Նոյեմբեր, Շաբաթ։